
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- Հռչակաւոր «Զանքու Չիքըն»ը հիմնած ընտանիքէն անդամ մը՝ 34ամեայ Սթիւ Իսքէնտէրեանը, նախաձեռնած է մեքսիքական ճաշատեսակներու շուկայէն կարեւոր բաժին մը գրաւելու աշխատանքին, իբրեւ նախաքայլ՝ բացումը կատարելով իր եղբօրը անունը կրող ճաշարանին՝ «Արա՛զ Թաքոզ»ին:
34ամեայ Սթիւ Իսքէնտէրեանը կը յուսայ, որ յաճախորդները, «Զանգու Չիքըն»ին ցուցաբերած իրենց խանադավառութեամբ, շարքի պիտի կենան նաեւ ապսպրելու համար իրենց ճաշերը մեքսիքական ոճով նոր ճաշարանին մէջ, որ կր գտնուի Կլենոքս պողոտայի «Զանգու»ին կից (901 W. Glenoaks Blvd.): Սթիւ Իսքէնտէրեան կ՛ըսէ, թէ այս նոր ճաշարանը բանալու գաղափարը յղացած է, երբ նախապէս անոր տեղը գործող խանութին տէրը որոշած է փակել զայն:
«Դիրքը խոստմնալից էր եւ առիթ էր տարբեր ճաշարանի մը փորձը կատարելու, որպէսզի, ինչպէս ամերիկացիները կ՛ըսեն՝ բոլոր հաւկիթները մէկ սակարի մէջ չմնան», կ՛ըսէ Իսքէնտէրեան եւ կ՛աւելցնէ, թէ նոր ճաշարանին ոճը ազդուած է մեքսիքական «Չիփոթլէ» ճաշարաններու ոճէն:
«Յաճախ կը ճաշեմ «Չիփոթլէ» ճաշարաններուն մէջ, ուր կը յարգեմ իրենց կատարած գործը, միաժամանակ կը նկատեմ, որ աւելի լաւը կարելի է ընել», կ՛ըսէ ան՝ հիմունելով «Զանգու»ի մէջ իր փորձառութեանց վրայ:
«Արա՛զ Թաքոզ»ին հաւերը պիտի տրամադրէ «Զանքու»ին հաւ ծախող «LA Poultry» ընկերութիւնը, իսկ կովու միսը՝ «Canyon Wholesale Provisions» ընկերութիւնը: Իսքէնտէրեան կը յայտնէ, թէ բոլոր միսերն ալ խանութին մէջ պիտի համեմուին:
Սթիւ Իսքէնտէրեան համասեփականատէրն է «Զանգու»ի 9 ճաշարաններուն՝ իր մօրը՝ Ռիթա Իսքէնտէրեանի ու երեք եղբայրներուն հետ, որոնցմէ մէկն է Արան, սակայն «Արա՛զ Թաքոզ»ը ամբողջութեամբ կը պատկանի Սթիւին:
Ան կը յայտնէ, թէ նոր ճաշարանը պիտի յատկանշուի իր բաղադրութեանց թարմութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ միսը կրակի շուրջ դանդաղօրէն դարձնելով խորովելու ոճով, որ կ՛իրագործուի նաեւ «Զանգու»ի պարագային ու անոր յաջողութեան ազդակներէն մէկը կը նկատուի:
«Ճաշերը «շաուըրմա»ի ոճով պիտի պատրաստուին, սակայն՝ մեքսիքական համեմներով», կ՛եզրակացնէ Իսքէնտէրեան: