
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիան անընդունելի կը նկատէ քաղաքացիական օդանաւերը կործանելու վերաբերող սպառնալիքները: 7 Մարտին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնած է նախարար Իրաքլի Ալասանիան: «Ոեւէ բանական մարդու համար նման գաղափար անընդունելի է եւ կապ չունի, թէ ատիկա կ՛ըսէ սովորական մարդ մը կամ նախարարը», յայտնած է Ալասանիան: Նախարարը նաեւ նշած է, որ հայկական կողմին հետ բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր եւ ընդգծուած է, որ բոլոր հակամարտութիւնները պէտք է լուծուին բացառապէս խաղաղ միջոցով, որուն համար անհրաժեշտ է համատեղ ջանքեր գործադրել:
Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան այցելած Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիանի ընդունելութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցած է 7 Մարտին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ: Սէյրան Օհանեանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարին միջեւ կայացած առանձնազրոյցին յաջորդած է պատուիրակութիւններու ընդարձակ նիստ։