
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ռաֆֆի Մանուկեան եւս իր ձայնը միացուցած է Զարեհ Սինանեանի ընտրապայքարին նեցուկ կանգնողներու փաղանգին: Սինանեան իր թեկնածութիւնը դրած է Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց:
«1999էն ի վեր իբրեւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ քաղաքին սպասարկած պաշտօնատար՝ շատ լաւ գիտեմ, թէ ի՛նչ յատկութիւններ հարկաւոր են այդ պաշտօնը լաւապէս կատարելու համար: Առաջին ընտրապայքարէս առաջ իսկ ծանօթ էի Զարեհ Սինանեանի աշխատանքին, զոր ան լաւապէս կը շարունակէ տանիլ մինչեւ այսօր: Ան մօտէն ծանօթ է ու լաւապէս կը հասկնայ Կլենտէյլի հարաւային ու հիւսիսային շրջաններուն դիմագրաւած տարբեր տեսակի հարցերը, ինչ որ զինք կը դարձնէ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամակցութեան լաւագոյն թեկնածուն», կը յայտնէ Ռաֆֆի Մանուկեան:
Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ երեք թափուր աթոռներ լեցնելու նպատակով կատարուող այս ընտրութեանց մասնակցող 12 թեկածուներուն մէջ, Զարեհ Սինանեանը ցարդ ամենաշատ գումարը կրցած է հաւաքել իր ընտրապայքարին համար, միաժամանակ՝ իր շուրջ հաւաքելով իր ընտրապայքարին նեցուկ կանգնող քաղաքական պաշտօնատարներու տպաւորիչ խումբ մը: