ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– «Եթէ ՀՅԴի մեր գործընկերներն առանձին ցուցակով գնան Երեւանի աւագանու յառաջիկայ ընտրութիւններին, ապա կարծում եմ, որ որեւէ խնդիր չի լինի: 125ամեայ կուսակցութիւն է՝ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու յստակ ինստիտուտներով, եւ կարող են մասնակցել առանձին ցուցակով: Որեւէ խնդիր այստեղ չեմ տեսնում», «Ազատութեան» հրապարակին վրայ յայտարարած է Ժառանգութիւն կուսակցութեան վարչութեան նախագահ Արմէն Մարտիրոսեանը եւ ընդգծած, որ, բոլոր պարագաներուն «Ժառանգութիւն»ը կողմ է միասնական ցանկով ներկայանալու:
Արձագանգելով «Երկիր»ի այն դիտարկման, որ ընտրութիւններուն առանձին-առանձին մասնակցիլը արդեօք չի՞ նուազեցներ աւագանիի ընտրութիւններուն յաղթելու հաւանականութիւնը՝ Մարտիրոսեան նշած է, որ թերեւս որոշ չափով կը նուազեցնէ, բայց ոչ շատ:
«Այն պայքարը, որ հրապարակում ծաւալուել է, այլեւս յաղթական է», նշած է ան։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ վստա՞հ են, որ պայքարը մինչեւ 5 Մայիս պիտի չմարի, եւ որ յաղթանակը ապահովագրուա՞ծ է՝ Մարտիրոսեան յայտնած է, որ երբեք բացարձակ բաներու մասին կարելի չէ յայտարարութիւն կատարել, կարեւորը պայքարն է ու անոր արդիւնքը, եւ եթէ պայքարի արդիւնքը ըլլայ իրենց յաղթանակը, առաջին հերթին պիտի շահին իրենք՝ իշխանութիւնները:
«Անկախ ամէն ինչից՝ այս պայքարն արդիւնք տալու է, եւ Երեւանի աւագանու ընտրութիւններն այդ պայքարի ընդամէնը մի մասնիկն են», յայտարարած է «Ժառանգութեան» ներկայացուցիչը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.