
ՍԹՈՒՏԻՕ ՍԻԹԻ.- Ուրբաթ, Փետրուար 1ին տեղի ունեցաւ Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութեան 2013 տարեշրջանի նոր վարչութեան ներկայացումը, «Պիսթրօ Կարտըն»ի մէջ կայացած հաւաքի մը ընթացքին:
Նախորդ տարերշրջանի ատենապետ Էնճըլօ Կալեան նախ բարի գալուստի խօսքով ողջունեց ներկաները, որոնց մէջ կային նաեւ նախկին ատենապետներ, ապա ներկայացուց ընկերակցութեան անցեալ տարուան իրագործումները եւ ապագայի գործունէութեանց տեսլականը: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց 2012 տարեշրջանի վարչութեան անդամներուն:
Այնուհետեւ, ան ներկայացուց 2013 տարեշրջանի վարչութիւնը՝ ատենապետութեամբ Թալին Հաննայի: Վարչութեան միւս անդամներն են՝ Լիլի Ղազարեան (Ա. փոխատենապետ), Անի Պետրոսեան (Բ. փոխատենապետ) եւ Անտրէաս Հինտոյեան (գանձապահ): Հաննա աւելցուց, թէ Սեդա Խաճարեանը վերանշանակուած է Կրթանպաստի յանձնախումբի ատենապետ, նաեւ ճաշկերոյթի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ նշանակուած է Նեթըլի Եանոսեանը, իսկ ձեռնարկներու համակարգող նշանակուած է Էտի Գրիգորեանը:
Թալին Հաննա եւս ողջունեց նեկաները եւ ներկայացուց այս տարուան ընթացքին իրականացուելիք ծրագիրները՝ շեշտելով հայկական այլ կազմակերպութեանց հետ գործակցելու եւ նոր սերունդին յատուկ խորհրդատուական ծրագիրներ մշակելու կարեւորութիւնը:
Աւարտին, 2006 տարեշրջանի ատենապետ Ռապըրթ Մաթիկեան, նախկին ատենապետներու անունով մեծարեց Վրամ Կորճեանը՝ իր երկարամեայ սպասարկութեան համար:
Ընկերակցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 685-9946 թիւին, apsla@apsla.org հասցէին կամ այցելել www.apsla.org կայքը: