
Հրանդ Տինքի եղբօր աղջկան՝ Լուսին Տինքի, «Սարոյեանի Երկիրը» ժապաւէնը կը մասնակցի Պոլսոյ շարժապատկերի 32րդ փառատօնին:
Այդ ժապաւէնը կը ներկայացնէ Ուիլիըմ Սարոյեանի ճամբորդութիւնը դէպի իր պապերուն հողերը՝ Արեւմտեան Հայաստան, 1964ին, ընկերակցութեամբ թուրք ծանօթ գրող Եաշար Քեմալի:
Նշենք, որ Ուիլիըմ Սարոյեանի ծնողները 1905ին ստիպուած եղած են հեռանալու Պիթլիսէն եւ հաստատուելու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Պոլսոյ Մշակոյթի եւ արուեստի հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուող փառատօնը կը սկսի Մարտ 30ին: