ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Տակաւին նոր հրապարակ ելաւ բանաստեղծ, գրական քննադատ, հանրային գործիչ եւ Քալիֆորնիա հայ գրողներ միութեան հիմնադիր ու նախկին գործադիր նախագահ Գրիշ Դաւթեանի բանաստեղծութիւններու հինգերորդ հատորը, որուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ ՔՀԳ Միութեան կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի 7 Մարտին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանը, գրասէրներու եւ մասնաւորապէս Գրիշ Դաւթեան մարդն ու գրողը գնահատող մշակութասէր հասարակութեան մը ներկայութեան։
Գնահատական սիրտի ջերմ խօսքերով հանդէս եկան բազմաթիւ գրողներ, որոնք յայտնապէս ժամանակ չէին գտած ամբողջութեամբ ծանօթանալու եւ խոր վերլուծման ենթարկելու Դաւթեանի նոր հատորը, որ, խոստովանինք, քիչ մը ուշ հասած էր անոնց ձեռքը, եւ անոնք առիթը չէին ունեցած խորանալու մեր սիրելի բանաստեղծին նոր ստեղծագործութիւններու ընթերքը եւ հեղինակի ներաշխարհը։
Շնորհահանդէսը վարեց հանրածանօթ բանաստեղծ ու գրական քննադատ Գէորգ Քրիստինեան։ Հետզհետէ խօսք առին բանաստեղծներ Ներսէս Մեսրոպեան, Գէորգ Քրիստինեան, Եսթէր Դաւթեան ու հիւրաբար մեր մէջ գտնուող հայրենի գրող—քննադատ Արտեմ Յարութիւնեան։ Ինչպէս նաեւ հետեւեալ արձակագիրները սրտի իրենց խօսքը ըսին. Սարգիս Վահագն, Կիմա Կիրակոսեան, Ջանիբեկ Ջանիբեկեան եւ Ռուբէն Կորիւն Քէշիշեան։
Ներկաները յուզումով լսեցին բանաստեղծին անչափահաս թոռներուն դաշնամուրային ելոյթները։ Գրիշ Դաւթեանի նոր գործերուն ասմունքով հանդէս եկաւ արձակագիր Ռուբէն Կորիւնի շնորհալի դուստրը՝ Այլին Քէշիշեանը։
Շնորհահանդէսի աւարտին, նոր հատորին հեղինակը՝ բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեան, ծափողջոյններու մէջ ամպիոն բարձրացաւ եւ «հիւմուր»ով պարուրուած իր կարճ խօսքին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք դերակատար հանդիսացան այդ գեղեցիկ ու հոգեսլաց երեկոյի կազմակերպութեան մէջ եւ մասնաւորապէս անոնց, որոնք հանդէս եկան սրտաբուխ իրենց խօսքերով։
Դաւթեանի երեկոն հաճելի շեղում մըն էր ցարդ ՔՀԳ Միութեան կողմէ գործադրուած շնորհահանդէսներու «ֆորմաթ»էն։ Այդ որոշումը հեղինակին ձգուած էր։ Եւ ուրախ ենք յայտարարելու, թէ ՔՀԳՄի արեւելումին մաս կը կազմէ՝ հեղինակի նախընտրութեան թողուլ իր շնորհահանդէսին կիրարկուելիք ձեւաչափը։ Այսքանը՝ «Աշխարհով Մէկ Եմ Եղել» նոր հատորի շնորհահանդէսին մասին։
Գալով Գրիշ Դաւթեանի նոր հատորին, խոստովանիմ, թէ շնորհահանդէսին խօսք առնող յարգելի մտաւորական գրողներէն շատերուն նման, ես ալ բաւական ուշ ստացայ բարեկամ գրողին նոր հատորը, ու մեզի պարտադրուած կենցաղային դժուարին պայմաններուն եւ սփիւռքահայ գրողի վիճակուած առօրեայ մաքառումներուն պատճառով, չէի հասցուցած ըմբոշխնելու մեր սիրելի բանաստեղծին նոր գործը իր ամբողջութեան մէջ։
Բարձր ճաշակով յղացուած է նոր հատորին շապիկը, գործ՝ Վազգէն Զոհրապեանի։ Գրիշ Դաւթեանի սոյն հատորին հրատարակութիւնը, տպագրական իր բարձր որակով, բոլորովին կը տարբերի ցարդ Հայաստանի մէջ աղճատուած ձեւով լոյս տեսնող հրատարակութիւններէն։ Ամերիկացիները խօսք մը ունին. «Գիրք մը պէտք չէ իր գեղեցիկ կողքէն դատել…», իսկ ես այդպիսի միտում չունէի։ Ըլլայ որպէս ընթերցող կամ՝ գիրքի հեղինակ, մարդ ուղղակի կը հրճուի, երբ հայ գրողի մը գործը ճաշակով ներկայացուած կը տեսնէ։ Խորհրդային Միութեան փլուզումով, երբ շուկայական սխալ մտայնութիւնը մուտք գործեց նորանկախ մեր հայրենիքէն ներս, գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն մէջ արագ

հարստանալու մոլուցքը յաջողեցաւ եղծանել հայ մարդու ճաշակը։ Չենք ուզեր տարածուիլ…
Այո՛, Գրիշի հատորին պարագային, պէտք է բարձրախօսենք այս ճշմարտութիւնը. հաճելի անակնկալ մըն էր հայրենի տպագրութեան այսքա՛ն խնամուած մէկ գործին ծանօթանալը։ Ճաշակը տիրական է հատորը պարփակող երկու հարիւրէ աւելի էջերուն վրայ, անխտիր։ Իցիւ թէ գիրքի մուտքին տեղ տրուէր հեղինակի խօսքին ու յայտնի գրական քննադատի մը կարծիքը պարփակող քանի մը էջերու՝ սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ կիրարկուող գեղեցիկ սովորութիւն ու ազդու ձեւաչափ մը, որ աւելի ցցուն ու մատչելի կը դարձնէ հեղինակին ստեղծագործութիւնները։
«Աշխարհով Մէկ Եմ Եղել» խորագիրը արեւմտահայերուս հասկցած բառացի իմաստով պիտի չմեկնաբանուի, այլ՝ իրանահայերու եւ արեւելահայերու մօտ գործածուող՝ «շատ եմ ուրախացել»ի իմաստով։ Իսկ Գրիշ Դաւթեանի նորագոյն բանաստեղծութիւններու գլխաւոր թեման գլխագիր ՍԷՐն է՝ իր համամարդկային, տիեզերական իմաստով, զորս ճիշդ պիտի չըլլար միայն երկու սեռերու միջեւ գոյութիւն ունեցածով սահմանել։
Յաճախ գրական շրջանակներն ու ընթերցող հասարակութիւնը կը գայթակղին, երբ ալեւոր գրող մը իր քնարը սիրոյ լարերով կը հնչեցնէ՝ փորձելով տարիքային սահմանումներով խեղթել անոր սենֆոնիան, արգելակել սիրոյ հրայրքը։ Այդպիսիներ յաճախ կը մոռնան, թէ տղամարդու ու կնոջ միջեւ ծաղկող, գոյացող սէրը տարիքի սահմանում չի ճանչնար, եւ մասնաւորապէս ստեղծագործ տղամարդոց պարագային ճիշդ է մեր սահմանումը, երբ այդ սէրը խելացնոր, ահագնող համեմատութիւններ կ՛առնէ ու զուլալ, մաքրամաքո՛ւր ակնաղբիւրէ կը փխի։ Սէրը, տիեզերական համեմատութիւններ առած սէրը, մեր գոյութեան իմաստն ու շարժիչ ուժն է։ Գրիշին մօտ այդ սիրերգութիւները այնքա՛ն իրական կը հնչեն, այնքա՛ն թարմացնող, որ երբեմն մարդ կը մոռնայ հեղինակին տարիքը ու պատանեկան սրտի տրոփին հետ կը շփոթէ անոր գերզգայուն բանաստեղծի սիրտի զարկերուն ուժգին ռիթմը։
Դժուարանում եմ խոստովանել այնինչ,
Այնպէս խորութեամբ եմ զգում։
Չգիտեմ ինչպէ՞ս եմ զգում,
Սրտո՞ւմս.
Գլխո՞ւմս.
Մտքո՞ւմս…
Սիրոյ կապանքէն ուղեկորոյս դարձած հեղինակը, այլայլած, շուարած է եւ ի զուր կը փորձէ սահմանել, սանձել զինք խելակորոյս դարձնող համատարած, աւալանշային այդ զգացումը։
Վեհացումի առինքնող մի ալիք է բարձրանում
Երբ զգում եմ սրտումս,
Կուրծքս այնպէս մակընթացւում է շնչառութեամբ…
Սէրը, հրաբխային լաւա դարձած՝ կը համակէ բանաստեղծին փոթորկոտ էութիւնը…
Երբ զգում եմ գլխումս՝
Քունքերս տրոփում են թմբուկի նման…
Երբ զգում եմ մտքումս՝
Երանութիւնը ոսկեշողով է լուսաւորում տեսողութիւնս,
Որ կորցնում եմ հորիզոնում,
Երկնի ու երկրի համբոյրի միջադէպում…
Եւ անիկա կլանուած սիրոյ հրայրքէն, գիտակցելով հոն գոյացած սիրոյ ալեկոծումը սահմանել—սանձելու իր անկարողութեան՝ պաղատագին հարց կու տայ.
Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ չեմ կարողանում պարագծել
Զգացումիս դիմագիծը.
Եւ քիչ մը անդին սրտաբեկ կ՛եզրակացնէ ան՝
Ահաւոր դժուար է
խոստովանել սէրը…
Դիւրին է խոստովանել վախը,
Դիւրին է խոստովանել տրտմութիւնը
Ուրախութիւնը,
Դիւրին է խոստովանել… մեղքը,
Որ զիս հասցնելու է դժոխք…
Վերի քանի մը տողերը մէջբերելով՝ փորձեցինք գաղափար մը տալ Գրիշի նոր հատորը կազմող երկու հարիւրէ աւելի բանաստեղծութիւններու խորազգաց էութեան ու անոնց բազմաթիւ շերտաւորումներէն կարեւորագոյնին մասին։
Սիրերգակ բանաստեղծի կողքին, գոյութիւն ունի նաեւ Դաւթեան մշակութային ու գրական գործիչը, որուն ազգանուէր գործունէութեան դաշտը տարածուած է աշխարհով մէկ, Իրանէն Անգլիա ու Ամերիկա, երեք ցամաքամասերուն վրայ տարած անոր անշահախնդիր աշխատանքով։
Իր անհանդարտ էութեամբ, Գրիշ Դաւթեան մշակութային գործիչը, ո՛ր երկինքի տակ ալ գտնուած ըլլայ, չէ կրցած անտարբեր մնալ գործելու, ստեղծելու եւ ստեղծագործելու մարտահրաւէրին դիմաց։ Անիկա նախաձեռնողներէն եղաւ Քալիֆորնիոյ գրողներու նորագոյն միութեան եւ այժմ կը վարէ միութեան պարբերաթերթին՝ «Բառ ու Բան»ի խմբագրութիւնը։
Չբաւարարուելով այդ ծանր բեռով՝ ամբողջ Ամերիկայի մէջ ե—նամակով կը ցրուէ Հայաստանի գրողներու միութեան գրական թերթը։
Երկար տարիներ վարած է նաեւ գրական «Կռունկ» անգլերէն կայքէջի խմբագրութիւնը։ Գրիշ Դաւթեան գործիչը այն անհատականութիւններէն է, որոնց մասին եթէ խորհրդանշաններով պիտի արտայայտուինք, ապա Տիրոջ օրինակով, քրիստոսանման, օրհնուած հացի ու գինիի տեսքով, իրենք զիրենք բաժնած են իրենց նմաններուն, իրենց կուսակիցներուն ու գրողական շրջանակներուն։
Ու այդ ինքնաբաշխումը ցարդ կը շարունակուի, Գրիշի հայրենասէր, մարդասէր ու մշակութասէր ազնուական կնոջ՝ Սոնայի քաջալերութեամբ ու մղումով։ Առանց հրեշտակային այդպիսի էակի մը նեցուկին, գրող մեր ընկերոջ համար անկարելի պիտի դառնար այսքա՛ն նուիրում ու զոհողութիւն։
Վարձքդ կատա՛ր, գրիչդ դալա՛ր, եղբայր սիրելի։