
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կիրակի, Ապրիլ 7ին, երեկոյեան ժամը 6ին, ՀԲԸՄի Փասատինայի կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Քէյ Մուրատեանի «Ֆլորայի Ձայնը» շարժապատկերի ցուցադրութիւնը:
Ցուցադրութեան աւարտին, Ցեղասպանութեան զոհերուն ու զայն վերապրողներուն նուիրուած այս շարժապատկերին շուրջ քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ՝ մասնակցութեամբ Քէյ Մուրատեանի, բեմադրիչ Մարք Ֆրիտմընի ու Հայկական Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու վկայութեանց հիման վրայ ուսումնասիրութիւններ կատարած Տանըլ Միլըրի եւ Լոռնա Տուրեան-Միլըրի: Քննարկումը պիտի համադրէ Գրիգոր Սաթամեանը:
Մուտքը ազատ է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (626) 794-7942 թիւին: