ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Իրենց կրտսեր ընկերներէն մօտաւորապէս երկու շաբաթ ետք, Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի 8րդ եւ 9րդ դասարաններու աշակերտները Ուրբաթ, Մարտ 15ի առաւօտուն այցելեցին Ազգ. առաջնորդարանը եւ հիւրընկալուեցան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ հոգեւոր հայրերու կողմէ։ Առաջնորդ սրբազանին կողքին էին Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ եւ Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան եւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան։
Մօտաւորապէս հարիւր աշակերտներ, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, առաջնորդարան հասան ժամը 10ին եւ խումբ-խումբ առաջնորդուեցան Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատուռ, ապա խմբուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը, ուր հիւրընկալներուն ներկայացուցին հայաշունչ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ կազմուած երգերու, ասմունքներու եւ երաժշտութեան փունջով մը։
Յայտագիրը սկսաւ «Տէրունական Աղօթք»ի եւ «Առաւօտ Լուսոյ» շարականի խմբերգումով։ Նկատի ունենալով, որ 8րդ դասարանի աշակերտները յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելեն Ուաշինկթըն՝ ծանօթանալու համար ամերիկեան հայրենիքի պետական կառոյցներուն, առաջնորդն ու հոգեւոր հայրերը յատուկ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, որպէսզի ճամբորդութիւնը անցնի անվտանգ եւ յաջող։
Յայտագիրը ձեռնհասօրէն վարեց 9րդ դասարանի աշակերտներէն Արմինէ Գալփաքեան. ան առաջին հերթին արտայայտուեցաւ Հայ Դպրոցի դերին ու աշակերտներու կեանքին մէջ անոր ազդեցութեան մասին, ապա, յաջորդաբար՝ հրաւիրեց յայտագիրի մասնակցիները, ներկայացնելու համար իրենց բաժինները։
Խումբ մը աշակերտներ, երգախառն ասմունքով, ներկայացուցին Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութիւնը։ Երկրորդ խումբ մը ներկայացուց Վահագն Դաւթեանէն հայ լեզուին նուիրուած բանաստեղծութիւն մը։ Յաջորդեց ազգային-հայրենասիրական զուգերգ մը։ Ապա՝ Յովհաննէս Թումանեանի քառեակներէն փունջ մը հրամցուցին հինգ աշակերտներ։ Աշակերտները չէին մոռցած, որ Արամ Ա. կաթողիկոս 2013 տարին ձօնած է Հայ Մօր, հետեւաբար, յայտագիրին վրայ տեղ ունէր մօր նուիրուած բանաստեղծութիւն մը։ Երաժշտական բաժինով, դաշնակի եւ ջութակի վրայ կտորներով ներկայ էր Արամ Խաչատրեան, նաեւ «Is there anybody out their» կտորը՝ կիթառի վրայ։ Գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ մայրենիին ու հայութեան հաւատարմութիւն արտայայտող «Պատանիի Երդում»ով։
Խօսք առաւ Վիգէն Ա. քահանան, ուր գոհունակութիւն ու հպարտանք արտայայտեց ի լուր աշակերտներուն պատրաստած խնամուած յայտագիրին համար, նաեւ յորդորեց աշակերտները, որ հաւատարիմ մնան իրենց արտասանած ուխտին։ Տէր հայրը նաեւ հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ առաջնորդարանին, անոր գործունէութեան, եկեղեցիներու եւ դպրոցներուն մասին, ապա նաեւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ կապերուն, այս բոլորին մէջ ընդգծելով ազգային հաստատութիւն մը եւ ազգի տունը ըլլալու այս հաստատութեան հանգամանքը։ Ան հրաւիրեց սրբազանը՝ ուղղելու իր պատգամը։
Առաջնորդը ողջոյնի ու գնահատանքի խօսք ուղղեց աշակերտներուն եւ դաստիարակներուն՝ նշելով, որ ներկայացուած գեղեցիկ յայտագիրը հոգեկան ցնծութեան առիթ էր բոլորիս համար, նաեւ արտայայտութիւն՝ Աստուծոյ պարգեւած շնորհքներուն, մեր ժողովուրդի ու ազգի ցանկութիւններուն։ Ան գոհունակութիւն արտայայտեց մանաւանդ անոր համար, որ աշակերտներուն երգերն ու արտասանութիւնները թարմութիւն բերած են Ազգի Տուն կոչուող այս յարկին… գեղարուեստական արտայայտութիւններ, որոնք կը գործածեն նոր դարու լեզուն. սակայն մեր նորահաս սերունդները պէտք է զգոյշ ըլլան, որպէսզի նորարարութեան անուան տակ թաքնուած մոլութիններ ու չարիքներ մուտք չգործեն անոնց նկարագիրն ու կեանքը։
Առաջնորդը յիշեցուց, որ կը գտնուինք Մեծ Պահքի շրջանը, աշակերտներուն հետ զրոյց ունեցաւ այդ խորհուրդներուն եւ մեր կեանքին մէջ անոնց ազդեցութեան մասին՝ ընդգծելով, որ այդ խորհուրդներէն մէկն է չարին վրայ բարիի յաղթանակի ու փորձութիւններուն ամուր կամքով յաղթահարելու պատգամները, իսկ երկու շաբաթ ետք, աշխարհը պիտի տօնակատարէ մահուան վրայ կեանքի յաղթանակի խորհուրդը, երբ պիտի տօնենք Քրիստոսի Ս. Յարութեան հրաշափառ տօնը։ Առաջնորդ սրբազանը նաեւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ մօր արժէքը մեծարելու աշակերտներուն մօտեցումին մասին, եւ զանոնք յորդորեց, որ Հայ Մօր Տարուան առիթով յատուկ աղօթք գրեն իրենց մայրերուն համար։
Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց յաջողութիւն եւ նուաճումներ մաղթելով աշակերտներուն, զանոնք յորդորեց հասնիլ տարբեր ասպարէզներու բարձունքներուն, սակայն նաեւ չմոռնալ մեր ազգային կեանքը եւ նուիրուելու ազգային ծառայութեան, մեր դպրոցներուն եւ եկեղեցւոյ։ Վերջապէս, ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհիին, դաստիարակներուն եւ բոլոր ծառայողներուն գուրգուրանքին մասին, որուն մէկ գործնական արտայայտութիւնն էր այսօր ներկայացուած գեղեցիկ յայտագիրը։
Հանդիպումի պաշտօնական բաժինը վերջ գտաւ աղօթքով եւ «Կիլիկիա»ի ու «Մեր Հայրենիք»ի խմբերգումով։ Այնուհետեւ, աշակերտները խումբ-խումբ շրջագայեցան առաջնորդարանի գրասենեակներուն եւ տարբեր բաժանմունքներուն մէջ, ծանօթացան անձնակազմի անդամներուն եւ անոնց աշխատանքի բաժիններուն, ծանօթացան պատկերասփիւռի յայտագիրի պատրաստութեան գրասենեակին ու գրատան, ինչպէս նաեւ ականատես եղան, որ Ազգ. Առաջնորդարանը ունի Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած անկիւն մը, որ մնայուն յուշարար մըն է մեր կորուստներուն, մեր պահանջատիրութեան ու նահատակներուն կտակին։
Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւող այցելութենէն ետք, աշակերտները վերադարձան դպրոց, իրենց հոգիներուն մէջ արձանագրելով յիշատակելի օր մը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.