ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 20 Մարտին «Ազատութեան» հրապարակին վրայ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ժառանգութիւն կուսակցութեան մամլոյ խօսնակ Յովսէփ Խուրշուդեան յայտնած է. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը նման պետական այրերով չի կարող դիմակայել այն մարտահրաւէրներին, որոնք ծառացած են մեր երկրի առջեւ»։
Ան նշած է, որ վերջին օրերու իրադարձութիւններուն առնչուած բաւական տարօրինակ եւ զաւեշտական գնահատականներ հնչեցին, օրինակ՝ «ինքնակո»չ, «սատանայական», «յեղաշրջում»: «Այս արտայայտութիւնները ցոյց են տալիս, որ գործող իշխանութիւնները համարժէք չեն երկրում ստեղծուած վիճակը գնահատելիս, քանի որ թէ ինքնակոչը, թէ յեղաշրջումը, թէ աղանդաւորականութիւնը քաղաքական իմաստով բնութագրում է իրենց, քանի որ Փետրուարի 18ին հէնց իրենք փորձ արեցին կեղծել ժողովրդի յաղթանակը», յայտնած է Յովսէփ Խուրշուդեանը:
Ան շեշտած է, որ իրենց համար ընդունելի կրնան ըլլալ երկու լուծումներ, առաջինը՝ գործող նախագահի ինքնաբացարկ յայտնելը, իսկ երկրորդը՝ համապետական լուծումը, որ կարելիութիւն պիտի տայ դուրս գալու իրավիճակէն, ատիկա սահմանադրական բարեփոխումները չի կրնար ըլլալ, քանի որ այդ մէկը լուծման մէկ մասն է միայն։
«Ժողովրդի համար իրենց թեման փակուած չէ եւ իրենց թեման լուծուելու է ժողովրդի կողմից», նշած է Յովսէփ Խուրշուդեանը: Ինչ կը վերաբերի 8 Ապրիլին 1 միլիոննոց երթ կազմակերպելու բեմադրիչ Արշակ Զաքարեանի առաջարկին, ապա մամլոյ խօսնակը դիտել տուած է, որ այդ առաջարկը չէ ներկայացուած Րաֆֆի Յովհաննէսեանին հետ համադրաբար, այլ քաղաքացիական նախաձեռնութիւն է, որ ամէն մարդ կրնայ իրականացնել, եւ այդ մասին արդէն կը խօսուի։
Յովսէփ Խուրշուդեան նշած է, որ իրենք կոչ ուղղած են ընդդիմադիր ուժերուն՝ 9 Ապրիլին գալու եւ միանալու ժողովուրդին, անոնց եւս հարթակ տրամադրելու պատրաստակամութեամբ։
Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն առնչութեամբ ան յայտնած է, որ «Ժառանգութիւնը» իր մասնակցութեան ցանկը 21 Մարտին պիտի ներկայացնէ ԿԸՅին, այնուհետեւ պիտի հրապարակէ զայն։ Ան մերժած է պատասխանել լրագրողներուն այն հարցումներուն, թէ ո՛վ պիտի գլխաւորէ ցանկը. «Ժառանգութեան» ամբողջական ցուցակը կը հրապարակուի Ուրբաթ օրը», աւելցուցած է ան:
Ան նշած է, որ քաղաքական պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ յաղթանակ, իսկ անոր զուգահեռ պիտի մասնակցին Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն՝ փորձելով յաղթանակ ապահովել: Յովսէփ Խուրշուդեանի համաձայն, թէեւ կարելի չեղաւ միասնական ցանկով հանդէս գալ, բայց իրենք պատրաստ են համագործակցելու ընդդիմադիր ուժերուն հետ, ինչպէս ընտրութիւններուն վերահսկողութեան, այնպէս ալ հետագային աւագանիի աշխատանքներուն ընթացքին։
Յ. Խուրշուդեանի համաձայն, մէկ կողմէ ողջունելի է, որ այն ուժերը, որոնք նախագահական պայքարէն ձեռնպահ մնացին, կը մասնակցին Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն եւ «կարծում են, որ այս ընտրութիւններով կարելի է ինչ-որ բան փոխել»:
«Ողջունելի է իրենց դիրքորոշման փոփոխութիւնները, թէկուզ ուշացած, կարծում եմ համատեղ պայքար է լինելու: Միւս կողմից էլ՝ որեւէ խնդիր չի տեսնում, որ այդ ուժերը հետագայում համագործակցեն աւագանիում Երեւանում ստեղծուած իրավիճակը փոխելու համար», նշած է ան։
Պատասխանելով ԲՀԿի հետ համագործակցութեան մասին հարցումին՝ ան նշած է, որ պատրաստ են համագործակցելու որեւէ քաղաքական ուժի հետ, որ իրապէս մտահոգ է, եւ ոչ թէ կը ձեւացնէ, թէ մտահոգ է Երեւանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարելու հարցով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.