ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին (ԿԽՄԿ) հովանաւորութեամբ, Ատրպէյճանի կողմը յայտնուած երկու հայ քաղաքացիները վերադարձուած են Հայաստան: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, հայ-ատրպէյճանական սահմանը հատած կինն ու տղամարդը Հայաստանի իշխանութիւններուն ներկայացուցիչներուն պատասխանատուութեան տակ փոխանցուած են Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Ղազախ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Իջեւան քաղաքներուն միջեւ գտնուող ճամբուն վրայ՝ միջազգային սահմանի վրայ:
Նախքան զանոնք Հայաստան վերադարձնելը ԿԽՄԿի պատուիրակները այցելած են հայաստանցի քաղաքացիներուն՝ ազատազրկման պայմանները եւ անոնց հանդէպ վերաբերումը գնահատելու նպատակով: Գործելով որպէս չէզոք միջնորդ եւ իր յանձնագիրին համաձայն, ԿԽՄԿն աջակցած է այս հայրենադարձման գործողութեան՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ գործակցելով: Նախքան գործողութեան իրականացումը, ներկալուած անձերը ԿԽՄԿին հաստատած են, որ հայրենիք կը վերադառնան իրենց յօժար կամքով: Գործելով Ժընեւեան ուխտի սկզբունքներով՝ ԿԽՄԿն տարածաշրջանին մէջ կը գործէ 1992 թուականէն ի վեր՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առնչութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.