ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ատրպէյճանի մէջ վերջերս ստեղծուած «Ազերի-Թալիշ» հասարակական միութեան կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, Մարտ 20ին կայացած եւ Նովրուզի տօնին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին ելոյթ ունեցած է Ատրպէյճանի մտաւորականներու միութեան նախագահ Էլտանիզ Կուլիեւ, յայտարարելով, թէ թալիշ ժողովուրդը մտադիր է աւելի աշխոյժ մասնակցութիւն ցուցաբերելու Ատրպէյճանի ժողովրդավարական գործընթացին: Կուլիեւ նշած է նաեւ, որ «Ազերի-Թալիշ» հասարակական միութիւնը քանի մը անգամ դիմած է պետութեան՝ պաշտօնապէս արձանագրուելու համար, սակայն ամէն անգամ, անհեթեթ պատճառաբանութիւններով, դիմումը մերժուած է: «Արդարադատութեան նախարարութենէն յայտնեցին, թէ կրնան արձանագրել, եթէ կազմակերպութեան անունէն հանենք «թալիշ» բառը», ըսած է Կուլիեւ:
«Ազերի-Թալիշ» հասարակական միութեան նախագահ Մեհտիպէյ Սաֆարով ափսոսանքով յայտնած է, թէ որոշ ուժեր, հասարակութիւնը մոլորեցնելու նպատակով՝ իրենց կազմակերպութեան մասին չարամիտ տեղեկութիւններ կը տարածեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.