
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. կաթողիկոսի ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անունով Վատիկան այցելած պատուիրակութեան մաս կազմող Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը Երեքշաբթի, Մարտ 19ին, Վատիկանի մէջ պատուիրակութեան հետ ներկայ եղաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր քահանայապետին՝ Ֆրանսիս պապի, գահակալութեան արարողութեան եւ մատուցած սուրբ պատարագին, Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին դիմաց։

Պատուիրակութեան անդամ էին Կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ ազգային բարերարներ տէր եւ տիկին Ալեքօ եւ Անի Պէզիկեաններ։
Նշենք, որ սրբազանը այս արարողութանց կը մասնակցէր իբրեւ կաթողիկոսի ներկայացուցիչը։
Առաջնորդը Վատիկան ժամանած էր Երկուշաբթի երեկոյեան:
Երեքշաբթի երեկոյեան սրբազան քահանայապետը ներկայ էքիւմենիք հիւրերուն հետ սեղանակից եղած էր ընթրիքին, որուն աւարտին ողջունած էր կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը։
Չորեքշաբթի, Մարտ 20ի առաւօտեան ժամը 11ին, Ֆրանսիս պապ ընդունած է զանազան եկեղեցիներէ ժամանած հիւրերը։ Յանուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, պատուիրակները պաշտօնապէս շնորհաւորեցին սրբազան քահանայապետը եւ պտղալից գահակալութեան բարեմաղթութիւններ կատարեցին։ Իր հերթին, պապը իր եղբայրական ողջոյնները յղեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին։
Առաջնորդը Չորեքշաբթի երեկոյ հասաւ Լոնտոն, ուրկէ անցաւ Քենթըրպըրի, իբրեւ վեհափառ հայրապետի ներկայացուցիչը՝ Անկլիքան եկեղեցւոյ նորընտիր հոգեւոր պետ Ճասթին Ուելպի արքեպիսկոպոսի գահակալութեան արարողութեան։