ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Էյ.Փի.».- Ուրբաթ, Մարտ 22ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ խոստացաւ չէզոքացնել իսլամ ծայրայեղականները՝ զանոնք պատասխանատու նկատելով Հինգշաբթի գիշեր Դամասկոսի մզկիթներէն մէկը թիրախ դարձուցած անձնասպանական յարձակումին, որուն ընթացքին սպաննուած էին մզկիթի իշխանամէտ սիւննի շէյխը՝ Մուհամմետ Սէյիտ Ռամատան Պութի եւ 48 ուրիշներ: Հինգշաբթի օր նաեւ հրթիռներ հարուածած էին Դամասկոսի օդակայանի հիւրասրահը:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա զօրակցեցան Հալէպի մէջ քիմիական զէնքերու գործածութեան հարցով քննութիւն բանալու ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի որոշումին, որ Ռուսիոյ կողմէ եւս «լաւ որոշում» որակուեցաւ:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս յայտնեց, թէ ՄԱԿէն պահանջած է կազմել «անկախ, մասնագէտ, չէզոք, անկողմնակալ» յանձնախումբ մը՝ քննելու համար քիմիական զէնքերու գործածութեան հաւանականութիւնը:
Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչը «ռազմագիտական մեծ սխալ» նկատեց լիպիական բեմագրութիւնը Սուրիոյ մէջ կրկնելու փորձը:
«Եթէ ասիկա քաղաքական ճնշումի ձեւ մըն է, ապա օգտակար չէ», ընդգծեց ռուս դիւանագէտը՝ նմանապէս քննադատելով Սուրիոյ ընդդիմադիրները զինելու միտող Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ փորձերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.