
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ կանանց միջազգային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը որոշած է ճաշկերոյթով մը տօնել վերջերս շարք մը մրցանակներու արժանացած «Պրէյվ» շարժանկարի արտադրող Քեթրին Սարաֆեանի իրագործումները:
Ինչպէս արդէն հաղորդած ենք, Սարաֆեանի առաջնորդութեամբ իրականացած «Պրէյվ»ը շահեցաւ «Կոլտըն Կլոպ» եւ «Օսքար» մրցանակներ՝ շարք մը այլ մրցանականերու կողքին:
Վերոյիշեալ ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Ապրիլ 27ին, կ.ա. ժամը 11:30էն սկսեալ, «Պեւըրլի Հիլզ» պանդոկը (9641 Sunset Blvd. Beverly Hills, CA, 90210):
Քեթրին Սարաֆեան, որ միշտ նեցուկ կանգնած է Հայ կանանց միջազգային միութեան գործունէութեան, 1994ին միացած է շարժանկարներ արտադրող «Փիքսար» ընկերութեան՝ հանդիսանալով անոր առաջին լիաժամ շարժանկարին՝ «Թոյ Սթորի»ի, արտադրութեան համակարգողը: Այդ թուականէն ետք, Սարաֆեան զանազան պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է ընկերութեան մէջ ու դերակատարութիւն ունեցած է «Պակզ Լայֆ», «Մանսթըրզ Ինք.», «Ինքրետիպըլզ» ու «Լիֆթըտ» ֆիլմերուն մէջ, ինչպէս նաեւ դասաւանդած է շարժապատկերի ու պատկերասփիւռի առնչուող նիւթեր ու «Փիքսար»ը ներկայացուցած է Ճափոնի, Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու տարածքին կայացած շարժապատկերի փառատօներու ընթացքին:
Ճաշկերոյթի մասնակցութեան սակը 100 տոլար է: Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (310) 472-2454, (949) 494-4330, (310) 476-5306 կամ (818) 342-4600 թիւերուն, կամ այցելել www.aiwala.org կայքը: Ձեռնարկին հասոյթէն գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի միութեան կրթանպաստի հիմնադրամին ու շարք մը այլ բարեսիրական ծրագիրներու: