21րդ դարուն այլեւս կարելի չէ խօսիլ հեռաւորութիւններու, ոչ ալ նորութիւններէն անտեղեակ ըլլալու մասին: Արհեստագիտութեան արագընթաց վերելքը մեզ կը ստիպէ քայլ պահելու իրեն հետ: Աշխարհի որեւէ հեռաւոր անկիւնէ սիրելի մը մէկ օրուան ընթացքին կողքիդ կը գտնուի՝ բաժնեկցելու ուրախութիւնդ եւ տխրութիւնդ: Իսկ անոնք, որոնք յարգելի պատճառներով կողքիդ ներկայ պիտի չկարենան ըլլալ, կրնան ուղիղ եթերով դիտել ու մասնակից դառնալ ուրախութեանդ ու յաջողութեանդ:
Այդպէս ալ ըրաւ Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի (Պէյրութ) Ամերիկայի շրջանաւարտից միութիւնը: Ի նպաստ վարժարանի արդիականացման կատարուած ճաշկերոյթին, հրաւիրեց վեց տարիներու վաստակ ունեցող տնօրէնուհի Մարալ Տէյիրմէնճեանը, որ դպրոցին մէջ տեղի ունեցող դրական փոփոխութիւններուն մասին տեսաերիզ մը ցուցադրելով՝ ներկայ գտնուեցաւ, իսկ պէյրութցիները իրենց սիրելիները տեսան սփռուած ուղիղ եթերով:
1 Մարտի երեկոյեան Կլենտէյլի «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցած աւանդական ճաշկերոյթին բացումը կատարեց Շրջանաւարտից միութեան անդամներէն Րաֆֆի Քենտիրճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց Լիբանանէն, Կիպրոսէն, Մոնթրէալէն ու Թորոնթոյէն, Նիւ Ճըրզիէն եւ Քալիֆորնիայէն ժամանած բոլոր ներկաներուն, ապա զանոնք հրաւիրեց յոտնկայս ունկնդրելու Րաֆֆի Քերպապեանի մեկնաբանութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները:
Վերապատուելի Սարգիս Գարամինասեան աղօթքով մը օրհնեց դպրոցի գործունէութիւնն ու յարատեւ վերելքը, աշակերտները, տնօրէնութիւնը ուսուցչակազմը, դպրոցին նեցուկ կանգնող եկեղեցին, ներկաներն ու հրամցուած ընթրիքը:
Սահակ Շամլեան՝ Միացեալ Նահանգներու Շրջանաւարտից միութեան ատենապետը, ողջունեց ներկաները, յատկապէս տնօրէնուհին եւ մեզ ի մի խմբող Կեդր. բարձրագոյն վարժարանը (ԿԲՎ), որ իր հիմնադրութեան օրէն սկսեալ եւ իննսունմէկ տարիներ շարունակ, հայ ընտանիքի կողքին, Աստուծոյ հովանաւորութեան յանձնուած աշակերտներուն ջամբած է հայաշունչ դաստիարակութիւն: Ան աւելցուց. «Այժմ մեր բոլորին պարտականութիւնն է պետական քննութիւններու յաջողութեանց բարձր տոկոսի մակարդակը պահել եւ զայն բարձրացնելով՝ յառաջ մղել դպրոցի գործունէութիւնը: Պէտք է գիտակցինք, որ անհատ նուիրատուներու պատկառելի գումարներուն կողքին, մեր լումաներն ալ դպրոցի գոյատեւման ու բարգաւաճման կը նպաստեն»:
Ս. Շամլեան արագ ակնարկով ներկայացուց վարժարանի անմիջական նիւթական կարիքները: Ան յիշեց տէր եւ տիկ. Ժիրայր եւ Փաթրիսիա Թրփանճեանները, որոնք մնայուն եւ գլխաւոր բարերարներն են վերջին տասնամեակին: Ան յիշեց նաեւ Յակոբ Լուսարարեանը, որուն ջանքերով The Armenian Evangelical Social Service Center-ը կոկիկ գումար մը տրամադրած է դպրոցին. նաեւ վերապատուելի Էումուշաքեանի ջանքերով Աւստրալիայէն Աստղիկ Նաթարեանը, իր եղբօր Յովսէփ Նաթարեանի անունը յաւերժացնելու համար նորոգած է դպրոցի տարրալուծարանը: Նշուեցաւ նաեւ Ճորճ եւ Լիտիա Լուսարարեաններու նկատառելի նուիրատուութիւնը:
Տնօրէնուհի Մարալ Տէյիրմէնճեանը պաստառի վրայ նկարներով ներկայացուց այն բարենորոգութիւնները, որոնք կատարուած են Շրջանաւարտից միութեան ջանքերով գոյացած եւ դպրոցին տրամադրուած գումարներով եւ զորս կը վայելեն 316 աշակերտներ՝ մանկամսուրի 17 աշակերտները հաշուի առնելով: Տնօրէնուհին շեշտեց, թէ պետական քննութիւններու յաջողութեանց առնչութեամբ, յետայսու դպրոցին ակնկալութիւնը հարիւր տոկոս է, հետեւաբար՝ համապատասխան աշխատաքներ որդեգրուած են: Տնօրէնուհին նշեց, թէ լուրջ ուսումնասիրութենէ մը ետք կը մտածուի իրագործել Special Needs program-ը, որմէ զերծ են հայկական բոլոր վարժարանները:
Դպրոցէն ներս տարուած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ կարիքներուն մասին իր հակիրճ զեկուցումը աւարտելէ ետք, տնօրէնուհի Տէյիրմէնճեան յուշանուէր մը յանձնեց Հրաչ Մուրատեանին, իբրեւ երախտագիտութիւն դպրոցին համար անոր կատարած աշխատանքներուն համար:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ Անայիս Ֆրունճեանի եւ Լոռի Ինճէճիկեանի նազ-պարով: Ապա՝ Արփի Համբարեան-Ճիէրեան ներկայացուց «Տարուան Ուսուցիչը»՝ Անահիտ Նասոյեան-Սուքիասեանը, որ 1979-1987 տարիներուն, վարժարանի երկրորդականի աշակերտներուն դասաւանդած է Հայ գրականութիւն: Արփի Համբարեան-Ճիէրեանը փոխանցեց, թէ հայերէնասիրութիւն, ազգասիրութիւն եւ հայ մշակոյթ փոխանցող տիկին Անահիտը սիրուած ու գնահատուած է ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն կողմէ: Իր աշակերտներէն մէկուն վկայութեամբ՝ «Դուրեան, Վարուժան, Սիամանթօ, Զօհրապ սրտիս կը խօսին՝ տիկին Անահիտին ընդմէջէն. ան է, որ սրտիս վէմին վրայ քանդակած է զանոնք»:
Գնահատագիր-յուշանուէրը ստանալէ ետք, Անահիտ Նասոյեան-Սուքիասեանը շնորհակալութիւն յայտեց եւ իր սրտի խօսքը փոխանցեց՝ ըսելով. «Լիբանանի մէջ դասաւանդութեան առաջին փորձառութիւնս ԿԲՎի մէջ կատարած եմ եւ իսկապէս գոհ մնացած եմ աշակերտներէն, անոնց հետաքրքրութենէն եւ աշխատելու կամեցողութենէն: Դասաւանդման լաւագոյն օրերս անցուցած եմ ԿԲՎէն ներս եւ մինչեւ այսօր շոյուած կը զգամ, երբ կը հանդիպիմ աշակերտներու, որոնք իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն»:
Րաֆֆի Քերպապեան եւ Սեպուհ Նաճարեան առանձնաբար երգեցին հայրենասիրական երգեր, որոնցմով ներկաները հին յուշերով լիացան:
Արա Գալֆայեան ներկայացուց «Տարուան Շրջանաւարտ»ը, որ յաջողութիւններ ձեռք բերած է Ամերիկայի մէջ եւ միշտ օգտակար դարձած իր սիրելի վարժարանին: «Տարուան Շրջանաւարտ»ը Խաչիկ Խաչատուրեանն էր: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանաւարտից միութեան անդամներուն եւ ներկաներուն փոխանցեց, թէ դպրոց մը կը գոյատեւէ ու վերելք կ՛արձանագրէ, երբ իր երախտապարտ շրջանաւարտները նեցուկ կը կանգնին անոր: Ա. Գալֆայեան անոր փոխանցեց դպրոցի շրջանակուած հարթաքանդակը: Այս առիթով, Խ. Խաչատուրեան յիսուն հազար տոլարի խոստում մը կատարեց:
Եւրոպական, արաբական եւ հայկական երգերով երեկոն ճոխացուց Գօգօ Հայիթեանը: Հաւաքոյթէն լիացած եւ տուն վերադարձողներուն յանձնուեցաւ տէր եւ տիկ. Արա Ասիլեաններու կողմէ տրամադրուած՝ ԿԲՎ անունը կրող գաւաթներ:
ԿԲՎ-Ի ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ