ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Նախագահական ընտրութիւններէն ետք ծնունդ առած ժողովրդային շարժումով ոգեւորուեցանք ու անկախ ամէն ինչէ՝ տակաւին ոգեւորուած կը մնանք:
Ի՞նչ կը նշանակէ «անկախ ամէն ինչէ», պիտի հարցնէ ընթերցողը: Առաւել եւս, շարժումին համակիր ընթերցողը այս հարցադրումը պիտի կատարէ՝ կասկածի ենթարկելով իմ յանձնառութիւնս, համոզումս ժողովրդային շարժման յաղթանակին հանդէպ՝ տկարութիւն ու տատանում տեսնելով մէջս:
Բացարձակապէս չեմ ուզեր դոյզն չափով իսկ ստուերել շարժումը, չեմ կրնար, որովհետեւ նպատակս զայն կիրքով, հոգիով հզօրացնել եղած է ու կը մնայ: Բայց եւ այնպէս, նոյն շարժումին զինուորագրեալի իրաւունքով, կ՛ուզեմ, որ որոշ հարցեր պարզաբանուին ինծի համար:
Այդ հարցերու շրջանակէն է, օրինակ այն, որ շարժումի ղեկավարները գիտակցաբա՞ր, թէ անգիտակցաբար կը վիրաւորեն զիս՝ իբրեւ դաշնակցական, երբ կուսակցական ըլլալը նուաստացման արժանի յատկանիշ որպէս կը ներկայացնեն: Նոյն այս հարցերու շրջանակէն՝ «Ժառանգութեան» էութեան մասին բացատրութիւն պէտք է տան: Այսինքն՝ եթէ «Ժառանգութիւն»ը միաձուլուած է ժողովրդային շարժումին հետ, ուրեմն այլեւս կուսակցութիւն չէ՞, կուսակցութիւններէն վեր ինչ որ կառո՞յց մըն է, իսկ եթէ կառոյց է՝ կրնա՞յ ժողովրդային ըլլալու յաւակնութիւնը ունենալ: Ի վերջոյ, ի՞նչ յատկանիշներ պէտք է ունենայ ժողովրդային շարժում մը, ի՞նչ ձեւով ժողովուրդը մասնակից պիտի ըլլայ շարժումի զարգացման, ուղղութեան ձեւաւորման: Արդեօ՞ք շարժումի մասնակից քաղաքացին կամ անոր զօրակցող սփիւռքահայը պէտք է մէկ կողմ դնէ իր բոլոր հարցականները եւ կոյր վստահութեամբ հետեւի շարժումի ղեկավարներուն կամ ղեկավարի ցուցմունքներուն: Արդեօք կարելի՞ է այդ ցուցմունքներուն հիմնաւորումը հասկնալու համար հարցեր ուղղել, թէ հարցերը կրնան նկատուիլ գրգռութիւն կամ իշխանութեան գործիքի մը վերաբերմունքը:
Այս հարցադրումները եւ դեռ ուրիշներ կը տագնապեցնեն զիս: Յանուն շարժումին՝ պատրաստ եմ յանդիմանուելու, ամբաստանուելու, մեղադրուելու: Բայց գոնէ՝ պարզաբանուիլ:
ՄԻ ԲԱԽՑՆԵՔ ԱՅՍ ՅԱՐՄԱՐ ԱՌԻԹԸ ՈՐՈՎՀԵՏԵՎ
ԱՍՊԱՐԷԶԸ ՄԵԶՄԷ ԾԼԱԾ , ՁԵՐ ՕԳՈՒՏԻՆ ՀԱՄԱՐ,
ՔԱՋԱԼԵՐՑԵԿ ԲԱԺԱՆՈՐԴԱԳՐՈՒԵԼՈՒ ԻՍԿՈՅՆ ՀԻՄԱ Է ԺԱՄԱՆԱԿԸ!!!