ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Դոնեցկի «Շախտէօր» ֆութպոլի ակումբի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանը քննադատած է իր խաղընկերները՝ «առանց սրտի եւ հոգու» խաղալնուն համար, եւ իբրեւ հետեւանք մեր ազգային ընտրանին 26 Մարտին ցաւալի պարտութիւն կրեց Չեխիոյ հաւաքականի հետ խաղին՝ 2014ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ։
Թէեւ առաջին կիսախաղին Չեխիոյ դարպասը գրաւելու քանի մը լաւ առիթներ կային, սակայն երկրորդ կիսախաղին Հայաստանի հաւաքականի պաշտպաններու գործած սխալներուն պատճառով անոնք արտօնեցին, որ 3 կոլ նշանակուի իրենց բերդին մէջ։
«Պարտութեան պատճառն այն է, որ մի քանի խաղացողներ սիրտ եւ հոգի չեն դնում հաւաքականում», դիտել տուած է 24ամեայ հայ աստղը, ըստ «Սփորթ էքսփրես»ի:
«Եթէ գալիս ես ազգային հաւաքական, պէտք է ամբողջ ուժդ ներդնես, ցոյց տաս ֆուտբոլասէրին, թէ ինչի ես ընդունակ: Մտածում են՝ խաղան հանդիսատեսի համար», աւելցուցած է Մխիթարեան՝ առանց անուններ նշելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.