
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայաստանի կառավարութիւնը 28 Մարտին որոշում տուած է իր պահեստային ֆոնտէն 20.5 միլիոն դրամ (մօտ 50 հազար տոլար) յատկացնել նախագահական նախկին թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանին, որ տակաւին ամբողջովին չէ ապաքինած նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին իրեն դէմ կատարուած մահափորձէն:
Անոր առողջական կացութեան հետեւող Երեւանի բժիշկները դիտել տուած են, որ վնասուած է անոր աջ ձեռքի նեարդը, եւ ան պէտք է արտասահման ճամբորդէ՝ համապատասխան բուժման համար:
Հայրիկեան ինք եւս կը բողոքէ, որ աջ ձեռքը բնական կերպով չ՛աշխատիր, նաեւ վէրքին հետեւանքով տարբեր բարդութիւններ ծագած են։