ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալները Թուրքիայէն դուրս հանելու հարցին առջեւ դժուարութիւններ կը ցցուին: Որպէսզի այդ մէկը իրականանայ, պայման է, որ օրինական յատուկ կարգադրութիւններ կատարուին խորհրդարանին կողմէ, որովհետեւ յայտնի չէ, թէ բանակը կամ դատախազները ի՞նչ դիրք պիտի գրաւեն դուրս ելլելու համար լեռներէն իջնող ու բնականոն ճամբաներով դուրս ելլել փափաքող ուժերուն նկատմամբ։
Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ այս կապակցութեամբ Մարտ 27ին հանդիպում մը ունեցաւ արդարադատութեան նախարար Սատուլլահ Էրկինի հետ։ Տեմիրթաշ յայտնեց, թէ ներկայ օրէնքները բաւարար չեն երաշխաւորելու համար այն, որ քիւրտերը պիտի կարենան ապահով կերպով հեռանալ Թուրքիայէն:
«Վարչապետը «աչք կը գոցեմ» կ՛ըսէ, բայց ո՞վ կրնայ վստահեցնել, որ դատախազ մը այդ մարդիկը պիտի չձերբակալէ ճամբուն վրայ։ Բանակին, ապահովութեան ուժերուն ու դատական համակարգին պարտականութիւնն է ձերբակալել զանոնք», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, թէ այդ պատճառով՝ խորհրդարանը նոր օրէնք մը պէտք է որդեգրէ, ու յատուկ մարմին մը պէտք է հսկէ սահմաններէն դուրս ելլելու գործողութիւնը։
Տեմիրթաշ նաեւ ըսաւ, որ Ապտուլլահ Օճալանի Մարտ 21ի կոչին մէջ յստակ հրահանգ չէ տրուած դուրս ելլելու, այլ՝ Օճալան ըսած է, թէ ատոր պատրաստ է:
Ըստ Տեմիրթաշի՝ հիւսիսային Իրաք ապաստանած քիւրտերու ղեկավարներէն Մուրատ Գարայըլան ըսած է հետեւեալը. «Մենք՝ վերին ղեկավարներս, պատրաստ ենք Օճալանի հրահանգը գործադրելու, բայց թերեւս պիտի դժուարանանք միջին խաւերը տարհամոզելու գործին մէջ։ Օճալան ուղղակի անոնց եւս հեռանալու կոչ պէտք է ընէ: Անոնք Օճալանի ձայնով լսել պիտի ուզեն այդ կոչը»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.