ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Հինգշաբթի, Ապրիլ 18ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Արփա» հիմնարկին կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը հնագիտութեան ճակատներուն վրայ» նիւթով դասախօսական ձեռնարկ մը, «Մերտինեան» վարժարանի սրահը (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA, 91423):
Դասախօսութիւնը պիտի ներկայացնէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի յայտնի հնագէտներէն դոկտ. Կրեկըրի Արէշեանը, որ վերջերս լուսարձակներու տակ էր՝ Արենի շրջանին մէջ իր հետախուզական բացայայտումներուն կապակցութեամբ: Ան պիտի խօսի անձերու եւ ժողովուրդներու ինքնութեան վրայ անցեալի փորձառութեանց ունեցած ազդեցութեան մասին՝ կեդրոնանալով հայկական ինքնութեան կազմութեան տարբեր երեսներուն վրայ, սկսելով Ք. Ա. 1000 թուականներէն ու հասնելով մինչեւ մեր օրերը:
Փրոֆ. Կրեկըրի Արէշեան մասնագիտացած է յատկապէս հայկական, իրանեան եւ Միջագէտքի քաղաքակրթութեանց պատմութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.