
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- Մարտ 14ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան օրհնութեան կարգը կատարեց Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» բժշկական կեդրոնի «Ապրող ջուրեր» աղբիւրին, որ կը գտնուի կեդրոնի արեւմտեան աշտարակի մուտքին:
Առաջնորդը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Պատմական օր մըն է այսօր, մինչ ականատես կը դառնանք բացմանը «Ապրող ջուրեր» աղբիւրին, որ միշտ պիտի յիշեցնէ, թէ դուք կեանքի աղբիւրն էք համայնքին մէջ եւ բուժիչ ձեռքերը Աստուծոյ՝ մեր հիւանդներուն համար»: