Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական վիճակագրութեան գրասենեակը Մարտ 29ին հաղորդեց, թէ Փետրուարին Քալիֆորնիոյ մէջ անգործութեան համեմատութիւնը 9.6 տոկոսի իջած է՝ Յունուարին արձանագրուած 9.8 տոկոսին փոխարէն, շնորհիւ 41,200 նոր աշխատատեղիներու: Քալիֆորնիա անգործութեան ամենաբարձր համեմատութիւնը ունեցող նահանգն է՝ Նեւատայի եւ Միսիսիփիի հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.