ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- «Իրան պատրաստ է օգտագործելու բոլոր հնարաւորութիւնները՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար», Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3ին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ռամին Մեհմանփարասթ՝ ըստ իրանեան «Մեհր» տեղեկատուական գործակալութեան:
Ան աւելցուցած է, թէ Իրանի քաղաքականութեան առաջնահերթ նպատակներէն մէկն է տարածաշրջանային ճգնաժամերու կարգաւորումը: «Անհրաժեշտ է լուծել ղարաբաղեան հակամարտութիւնը՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ համաձայնութեան հասնելու ճանապարհով», ըսած է ան:
Միւս կողմէ, «Փանորամա» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Ապրիլ 3ին ընդունած է Մեհմանփարասթը՝ բարձր գնահատելով Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ հաստատուած բարիդրացիական յարաբերութիւնները եւ նշելով, որ տարբեր մակարդակներով փոխայցելութիւնները կը նպաստեն փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացման:
Նալբանդեան բարձր գնահատած է յատկապէս ղարաբաղեան հիմնախնդիրին վերաբերեալ Իրանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.