ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Թերթ».– ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները 4 Ապրիլին Արցախի մէջ անպաշտօն հանդիպումներ ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանը: «Այսօր նրանք պէտք է վերադառնան իրենց երկրներ: Արդէն անցկացուել է սահմանային երկու դիտարկում՝ Ապրիլի 4ին եւ 5ին», յայտնած է Բաբայեան։
ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Ժագ Ֆորը (Ֆրանսա) եւ Իան Քելին (Ամերիկա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիք Արցախ հասած էին 4 Ապրիլին՝ հետիոտն հատելով արցախեան–ատրպէյճանական սահմանը՝ ականազերծուած տարածքով: ԵԱՀԿ առաքելութիւնը դիտարկում կատարած էր Մարտակերտ-Թարթառ ուղղութեամբ: Իսկ 5 Ապրիլին Աղդամ-Բարդա ուղղութեամբ դիտարկման ժամանակ համանախագահները կրկին հատած են սահմանը՝ անցնելով ատրպէյճանական կողմ:
Ատրպէյճանական «1news.az» կայքէջին համաձայն, ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով Ատրպէյճանի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին կարգ մը տեղեկութիւններ տուած է դիտարկման ընթացքին գծով։ «Մենք երէկ Թարթառի շրջանին մէջ հատեցինք շփման գիծը (մտած են Լեռնային Ղարաբաղի զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածք-«Թերթ») եւ հանդիպում ունեցած զինուորներու հետ (հայ): Մենք լսեցինք անոնց գնահատականը՝ սահմանագիծին վրայ առկայ իրավիճակին վերաբերեալ, առինք անոնց կարծիքը այն մասին, թէ ինչ քայլերու պէտք է ձեռնարկել, որպէսզի իրադրութիւնը քիչ թէ շատ կայուն մնայ», յայտնած է Փոփով:
Ռուս համանախագահը աւելցուցած է, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ իրենք հանդիպած են ոչ միայն զինուորական ծառայողներուն, այլ նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ: «Անոնք մեզի պատմեցին գաղթականներու վիճակին, անոնց խնդիրներուն մասին, քննարկեցինք, մասնաւորապէս, ջուրի օգտագործման եւ ջրամատակարարման առնչուած խնդիրները», դիտել տուած է Փոփով՝ աւելցնելով, որ կան որոշ գաղափարներ, որոնք պիտի քննարկուին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.