ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».– «APA» լրատուական գործակալութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, հայ-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ զինադադարի դրութեան խախտման պատճառով մահացած է ատրպէյճանական բանակի սպայ մը՝ Շահրիար Մամետովը:
Աղբիւրը՝ յղում կատարելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան, նշած է, որ միջադէպը տեղի ունեցած է 8 Ապրիլի երեկոյեան։
Միւս կողմէ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, 8 Ապրիլին՝ ժամը 10:25ի շուրջ N զօրամասի անձնակազմը զօրավարժութեան վայր տեղափոխող «Սադկօ» մակնիշի զինուորական ինքնաշարժ մը արկածի հանդիպած է, եւ 19 զինուորներ վիրաւորուած են։ «Աւտոմեքենան Ֆիզուլիի տարածքի «Ղարբա-Բազար» տեղամասում ճանապարհի փոսը շրջանցելիս, շրջուել է ձախ կողքի վրայ, որի հետեւանքով խցիկում գտնուող 2 եւ մեքենայի թափքում գտնուող 19 զինծառայողներ տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուել են զինուորական հոսպիտալ, որտեղ 5 զինծառայողներ բուժզննումից յետոյ ախտորոշուել են պրակտիկ առողջ: Միւս զինծառայողների առողջական վիճակը բաւարար է», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Այս առիթով հետաքննութիւն կը կատարուի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.