
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Նախագահական ընտրութիւններէն ետք անցած 1.5 ամսուան ընթացքին Երեւանի ընտրողներուն թիւը աւելցած է մօտ 7 հազարով:
Ոստիկանութեան անձնագրային եւ մուտքի արտօնագիրներու վարչութեան վերջին տուեալներով, այժմ մայրաքաղաքին մէջ կայ 817 հազար 814 ընտրող: Փետրուար 18ի նախագահական ընտրութիւններու վերջնական ցանկերուն մէջ այդ թիւը կազմած էր 810 հազար 925:
Անձնագրային եւ մուտքի արտօնագիրներու վարչութեան պետ Յովհաննէս Քոչարեանը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ 5 Մայիսին կայանալիք մայրաքաղաքի աւագանիի ընտրութիւններէն առաջ ընտրողներուն թիւի յաւելումը կը բացատրուի երկու հիմնական գործօններով: «Նախ, ի տարբերութիւն նախագահական ընտրութիւնների, ՏԻՄ ընտրութիւններին իրաւունք ունեն մասնակցել նաեւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն չունեցող անձինք, երկրորդ, նախագահական ընտրութիւնների օրը Երեւանից դուրս գտնուած, հաշուառումից հանուած եւ այլ համայնքներում լրացուցիչ ցուցակներով քուէարկած անձինք կրկին հաշուառուել են մայրաքաղաքում»:
«3375 ընտրող ունենք Հայաստանի քաղաքացի չհանդիսացող. ե՛ւ օտարերկրեայ քաղաքացիներ, ե՛ւ փախստականներ, ովքեր ստացել են կոնվենցիոն ճամբորդական փաստաթղթեր, ե՛ւ քաղաքացիութիւն չունեցող անձինք: Մնացած մասը 18 տարեկան լրացածներն են, առաջին անգամ անձնագրաւորուածներ են, զօրացրուածներն են: Այսինքն՝ այն գործօնները, որոնք մենք միշտ ներկայացրել ենք որպէս աճը պայմանաւորող գործօններ, այստեղ էլ են գործում, այնպէս որ աճը շատ վերահսկելի է եւ անհանգստանալու առիթ չի տալիս»:
Արձագանգելով այն դիտարկման, թէ ընդդիմադիր շրջանակները մտահոգութիւն ունին, որ Երեւանէն դուրս գտնուող համայնքներէն կու գան եւ կ՛արձանագրուին Երեւանի իրենց բարեկամներու տուներուն մէջ՝ Քոչարեան յայտնած է. «Եթէ խօսքը վերաբերում է ընտրութիւնների օրուայ նշանակումից յետոյ հաշուառուած անձանց, ապա այդ մասով որեւէ մէկը թող մտահոգութիւն չունենայ, որովհետեւ նրանք ցուցակ չեն մտնելու: Փետրուարի 21ից յետոյ հաշուառուածները ցուցակ չեն մտնելու: Եւ կայ ոչ միայն ընտրական օրէնսգրքի պահանջն այդ մասին, այլեւ մեր բազմաթիւ հրամանները տարածքային ծառայութիւններին ուղղուած: Այնպէս որ, ես հաւաստիացնում եմ, որ նման խախտումներ որեւէ մէկը թոյլ չի տայ, որովհետեւ դա, ոչ աւել, ոչ պակաս՝ իրաւախախտում է եւ բաւականին լուրջ հետեւանքներ կարող է ունենալ ոչ միայն սովորական աշխատակցի, այլեւ նրա ղեկավարների համար՝ ինձանից սկսած: Եւ որեւէ մէկն իրեն թոյլ չի տայ նման աճպարարութեամբ զբաղուել»: