ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Աւետարանին էջերուն արձանագրուած Յիսուսի քարոզութիւններուն մէջ յանկարծ երեւցող նախադասութիւն է. «Ուր գէշն իցէ, անդ ժողովեսցին արծուիք»: Այսինքն՝ հոն ուր դիակ կայ, այնտեղ կը հաւաքուին արծիւները:
«Գէշ» բառը ոսկեղնիկ գրաբարով, ուրեմն «դիակ» կը նշանակէ:
Աշխարհաբար հայերէնով «գէշ» բառին «վատ» թարգմանութիւն տրուած է եւ չափազանց նողկանքով ալ կ՛օգտագործուի խօսակցական լեզուին մէջ: Սակայն ամբողջովին պէտք չէ՛ հեռացնել բառը իր գրաբարեան իմաստէն: Որովհետեւ վատը շրջուն դիակ է, որ չի՛ կրնար ընկերային կեանքի մէջ իր պատուաւոր տեղը ունենալ: Այնպէս, ինչպէս դիակը շուտով կը հեռացուի, կամ հողի տակ դրուելով կը չէզոքացուի, որպէսզի իր գարշահոտութեամբ շրջապատը չ՛ապականէ, ո՛չ ալ իր նեխածութիւնը զզուանք պատճառէ մարդոց, նոյնպէս ալ վատը, նախ, չի՛ կրնար ընկերութիւն շահիլ շրջապատին մէջ եւ շուտով կենդակի դիակի կը վերածուի, մերժուելով բոլորէն ու հեռացուելով ընկերական շրջանակէն:
Գրաբարով «գէշ»ին եւ աշխարհաբարով «գէշ»ին միջեւ սակայն հիմնական տարբերութիւն կայ: Առաջինը արդէն մեռեալ տարր է, որ իբրեւ փճացած մարմին, կրնայ միայն ապականել օդը ու նեխածութիւն եւ գարշահոտութիւն տարածել: Սակայն, իր այդ վիճակին մէջ, դիակը բարիք կը սփռէ շրջապատին, գիշատիչ թռչուններուն եւ յափշտակիչ բորենիներուն կեր հայթայթելով:
Երկրորդը՝ աշխարհաբար թարգմանութեամբ գէշը, արդէն բնութեան փոփոխութեան հարց չէ, այլ բնաւորութեան խնդիր, որ մարդուն հետ կը ծնի, այսինքն մարդը զայն կը ժառանգէ իր ծնողներէն եւ իր հետ կը կրէ մինչեւ գերեզման: Իցի՜ւ թէ մահէն ետք բաց երկինքի տակ մնալով, գէշը կարենար «օգտակար հանդիսանալ» գիշատիչներուն ու բորենիներուն, անգիտակցաբար անոնց տրամադրելով իր դին:
Նման ամէն մարդու, գէշ մարդն ալ բնականաբար կը յոգնի, ուստի կ՛ուզէ հանգիստի երթալ: Արձակուրդը բոլորին իրաւունքն է: Այսօր աշխատաւորական իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններ, մինչեւ իսկ միջազգային օրէնքով կը պաշտպանեն բանուորներուն իրաւունքները եւ չեն թողուր, որ գործատէրեր չարաշահեն իրենց գործաւորները: Ստրկութեան ժամանակները վաղուց վերջ գտած են եւ հաստատուած հաւասար մարդկային իրաւանց կարգեր:
Հակառակ վերոյիշեալ այս օրէնքներուն, դեռ կան անխիղճ եւ մարդ էակի նկատմամբ անտարբեր գործատէրեր, որոնք ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն յափշտակելու իրենց աշխատաւորին իրաւունքը, զրկելու համար զայն իր ճակտի քրտինքով շահած օրապահիկէն եււ միշտ զայն պահելու համար ստրկութեան ցնցոտիներու մէջ:
Քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ, բարեբախտաբար, կան ոչ միայն աշխատաւորներու իրաւանց պաշտպան պետական հիմնարկներ, այլ քննչական այլ ծառայութիւններ, որոնք բանուորներու խնդրանքին ընդառաջելով, պետական հովանաւորութեամբ ամէն իրաւասութիւն ունին մտնելու գործատիրոջ բոլոր սահմաններէն ներս: Անոնք իրաւասութիւն ունին պրպտելու գործատիրոջ թղթածրարներուն բոլոր ներքին ծալքերը, դուրս բերելու հաւանական զեղծարարութիւնները եւ դատական ատեանի յանձնելով զայն, արդարութիւնը բացայայտելու:
Այսքան պաշտպանուածութեան հակառակ, դարձեալ կան օրէնքը եւ օրէնքի հսկիչները խաբող, երբեմն կաշառող եւ շեղող մարդիկ: Ահա ասոնք են, որոնք կը տարբերին սովորական ծնունդներէ եււ զանոնք կարելի է որակել «գէշ»:
Քիչ առաջ ըսինք, թէ գէշը արձակուրդի ուզեց երթալ: Սակայն ի՜նչ արձակուրդ: Միթէ գէշը կրնա՞յ արձակուրդ ընել: Անոր աշխատանքը շուրջօրեայ գործ է: Քսանչորս ժամը նոյնիսկ հերիք չէ՛ անոր գործունէութիւնը ամբողջապէս իրագործելու համար: Առ այդ, արձակուրդի մեկնող գէշը հանգիստի համար չի՛ մեկնիր, այլ՝ ընդհակառակը, աւելի լայն ժամանակ ունենալու եւ նոր ծրագրաւորումներ կատարելու համար:
Մէկը դարձեալ կ՛ըսէր. գէշը արձակուրդի գնաց:
Այս միամիտ մօտեցումը լսողներ, շուտով զգաստութեան կը հրաւիրէին զայն, ըսելով.
_ Բարեկա՛մ, գէշը արձակուրդի եթէ երթար, աշխարհը կը խաղաղէր:
Անյուսութեան վիճակի կրնայ մատնել նաեւ գէշը բոլոր անոնց, որոնք չեն դադրիր բարիք գործելէ: Տարբեր վերարկուներով՝ բարի, հոգեւոր, խղճամիտ, անաչառ ու այլ կեղծ առաքինութիւններով զարդարուած, ան կրնայ մօտենալ միամիտներուն, այն տպաւորութիւնը թողելով, թէ արձակուրդ պիտի առնէ: Անտարբեր ցոյց կու տայ իր անձը ուրիշներու կեանքին ու գործին նկատմամբ: Ահա այդպէս, ան կը յաջողի խաբել շրջապատը, ու այն տպաւորութիւնը տալ, թէ ինք «արձակուրդի» կ՛երթայ, այսինքն՝ չէ՛ հետաքրքրուած ուրիշներու գործերով: Մինչդեռ անոր ուշադրութիւնը միշտ սեւեռած կը մնայ ասոր ու անոր կեանքին ու գործին վրայ:
Այս «արձակուրդը» գէշին համար նպաստաւոր կը դառնայ, որովհետեւ մարդոց ուշադրութեան կեդրոնէն կը հեռանայ, կ՛անցնի մթութեան մէջ եւ այնտեղէն կը շարունակէ գործել աւելի սանձարձակ:
Ահա այս է գէշին «արձակուրդի երթալ»ը:
Այնպէս, ինչպէս արձակուրդի գացողը կազդուրուած ու հոգեպէս վերանորոգուած կը վերադառնայ իր նախկին գործին, նոյնպէս ալ գէշը որոշ ժամանակ առանձնանալով ու մարդոց ուշադրութենէն դուրս գալով, աւելի՛ գէշցած ու ոխակալութեան ախտը զօրացուցած, կը վերադառնայ մարդոց կեանքին մէջ եւ աւելի մեծ ճիգերով իր սադրանքները կը կազմակերպէ:
Կեանքը անակնկալներ միշտ կը վերապահէ մարդոց համար: Սակայն ամէնէն մեծ անակնկալը գէշին հանդիպիլն է: Դառն անակնկալ է, ճի՛շդ է, բայց կեանքի ամէնէն իրական վիճակն է, որ զգաստութեան կը հրաւիրէ մարդը: Ուրախ պահերը սովորական անակնկալներ պէտք է նկատուին: Անոնք անվնաս ու նոյնիսկ երջանկաբեր կ՛ըլլան: Սակայն գէշին հետ անակնկալ հանդիպումը քանդիչ բնոյթ ունի: Խիղճի չգոյութեան բերումով, անիկա նոյնիսկ նուազագոյն բարիքը չի՛ կրնար կատարել դիմացինին: Ոխը անոր մօտ առանց պատճառի յայտնուող երեւոյթ է: Անիկա կասկածներու երեւակայական բերդին վրայ կը պարզէ ոխակալութեան ու վրէժխնդրութեան դրօշը, անակնկալ յարձակումներու թիրախ դարձնելով նոյնիսկ երեւակայական իր թշնամիները:
Արձակուրդի «հանգիստ»ը չարահնար նպատակներու ծառայեցնող այս թշուառականները, միայն անձնական շահերու համար կը զոհեն ամուսին, կին, եղբայր, քոյր, մայր, հայր, մերձաւոր հարազատներ եւ բնականաբար անծանօթ ու պատահական անձեր:
Երեւակայեցէք երեխայի ձեռքը գնդացիր տրուած ըլլայ…: Անգիտակցաբար ու առանց դիմացինին թշնամի ըլլալը հաստատելու, անիկա աջ ու ձախ կը կրակէ, ամնեղ զոհեր փռելով իր չորս դին:
Գէշը՝ գէշ է, ինչ ալ ընէ, ինչպիսի շպարով ալ շպարուի, մեղրահամ ինչ խօսքերով ալ դիմէ ձեզի: Անիկա իր տարեկան «արձակուրդը» առնելով, երբ դուրս գայ ձեր կեանքէն, չկարծէք որ իսկապէս հեռու տեղ գնաց հանգիստի: Ընդհակառակը, աւելի լայն ժամանակ փոխ առնելով, ձեզի աւելի մօտէն ուսումնասիրելու եւ «յարմար» հարուածը հասցնելու նպատակով ճիշդ ձեր մօտ կանգնած է: