
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Թուրք հասարակական գործիչ, հրապարակախօս Պասքըն Օրան քանի մը օր առաջ Իզմիրի մէջ յայտարարած էր, որ 1915 թուականի հայկական կոտորածներէն ետք Թուրքիոյ մէջ ոչ մէկ հարց լուծուած է։ Թուրք գործիչին այդ յայտարարութեան խստօրէն արձագանգած էր Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան առաջնորդ Տեւլետ Պահչելին, որ Օրանը «հայրենիքի դաւաճան» կոչած էր։
Թրքական «Հապեր Թուրք» պատկերասփիւռի կայանի «Խօսքը քոնն է» ծրագիրին ընթացքին Պ. Օրան կրկնած էր Իզմիրի մէջ կատարած իր յայտարարութիւնը՝ նշելով, որ «տխրեցնող է, երբ այդ ձեւով կ՛արտայայտուի պետականամէտ մտածելակերպով կուսակցական գործիչը»։
«1915 թուականի հայկական կոտորածներէն ետք մենք Թուրքիոյ մէջ ոչ մէկ հարց լուծած ենք։ Բոլոր դիակները լեցուցած ենք դարակները։ Այժմ մենք կը վախնանք, որ այդ դիակները մեր վրայ կը թափին, քանի որ մենք զանոնք չենք թաղած», յայտարարած է Պասքըն Օրան։
Ան պառակտիչ կը նկատէ Թուրքիոյ Սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած այն դրոյթը, որուն համաձայն, բոլոր քաղաքացիները թուրք կը կոչուին։ «Երբ կ՛ըսենք ազգային պետութիւն, ատիկա հասկնալի է, իսկ երբ կ՛ըսենք ազգ–պետութիւն, այդ մէկը Աստուծոյ պատիժը կը դառնայ մեզի համար։ Առաջնակարգ պէտք է ըլլայ ոչ թէ թրքական ինքնութիւնը, այլ Թուրքիոյ քաղաքացիութիւնը, քանի որ բոլորին միեւնոյն ինքնութիւնը վերագրելով՝ երկրին մէջ ապրող միւս ցեղախումբերուն ձուլում կը պարտադրուի։ Պարզ է, որ այս մէկը անոնց կողմէ չ՛ընդունուի եւ դառնայ պառակտի»չ, յայտնած է Օրան։