ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը եւ Հայաստանի ազգային գրադարանը կազմակերպած են ցուցահանդէս՝ նուիրուած Ֆրանց Վերֆելի բազմաթիւ լեզուներով լոյս տեսած «Մուսա Լերան քառասուն օրերը» հռչակաւոր վէպի առաջին հրատարակութեան ութսունամեակին: 17 Ապրիլին կայացաւ ցուցահանդէսին բացումը, որուն ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը ներկայացուցած էր «Մուսա Լերան քառասուն օրերը» վէպին տարբեր հրատարակութիւնները՝ տպագրուած Պերլինի, Փարիզի, Պուքրեշի, Պուտափեշտի մէջ եւ այլուր: Ցուցադրուած էր նաեւ 1933ի առաջին հրատարակութիւնը՝ կիսով այրած վիճակի մէջ եւ վերջինը՝ հրատարակուած Պէյրութ, 2010ին: 1935ին Շիշլիի հայկական գերեզմաննոցին մէջ թրքական ոստիկանութիւնը բռ-նութիւններ գործադրած էր ու սպառնալիքի տակ ստիպած հայերը՝ կրակին մէջ նետել Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան քառասուն օրերը» վէպին բոլոր հրատարակութիւնները: Այս վէպին դէմ թրքական պետութեան մղած պայքարը դրսեւորուեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ՝ վէպին պատկերասփիւռային ցուցադրութեան դէմ խափանարար գործողութիւններով:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի համաձայն՝ «Մուսա Լերան քառասուն օրերը» վէպէն եւ անոր բովանդակութենէն կը վախնան թրքական պետութիւնն ու բանակը: «Այսօրուայ հանրապետական Թուրքիան սարսափով է վերաբերւում այս գրքին: Դրա վառ ապացոյցը վէպի այրումն էր: Դա վախն է գրքի, հեղինակի ու պատմութեան հանդէպ», յայտնած է Դեմոյեան՝ աւելցնելով, որ «այսօրուան Թուրքիան ունի պատիժ եւ դա սեփական պատմութեան նկատմամբ վախ ունենալու իրաւունքն է, իսկ այդ պատմութիւնն աղճատուած ու խեղաթիւրուած է»:
Ան դիտել տուած է, որ իրենք հրապարակած են մետալներու շարք, որոնցմէ մէկը նուիրուած է Ֆրանց Վերֆելին: «Դա առնչութիւն ունի նաեւ վէպի 80ամեակի հետ: Շարքը, որը կոչւում է «Երախտագիտութիւն», թողարկւում է սահմանափակ քանակով՝ ընդամէնը 100 ոսկեզօծ ու համարակալուած յուշամեդալներ: Առաջին այս յուշամեդալը յանձնում ենք ազգային գրադարանին», նշած է Դեմոյեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.