ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու ապահովական մարմինները Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17ին հաստատեցին, թէ նախագահ Պարաք Օպամայի յղուած նամակներէն մէկուն մէջ թունաւոր նիւթ գտնուած է: Նամակը նախագահին հասնելէ առաջ՝ մեկուսացուած եւ ապահով վայր մը փոխադրուած է: Մէկ օր առաջ, նման նամակ մը գտնուած էր նաեւ Միսիսիփիէն ծերակուտական Ռաճըր Ուիքըրի ուղարկուած պահարաններուն մէջ՝ առանց վնաս պատճառելու:
Նոյն օրը նաեւ հաղորդուեցաւ, թէ Պոսթընի պայթումներուն կա-պակցութեամբ կասկածելի մը կը հետապնդուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.