ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Այս տարի եւս Թուրքիոյ մէջ Ապրիլ 24ին ոգեկոչումներ պիտի կատարուին Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Այս առիթով, «Ռատիքալ»ի մէջ Ահմետ Ինսել Ապրիլ 23ին ստորագրած է ուշագրաւ յօդուած մը՝ «Մեր պատմութեան հետ հաշտուիլ» խորագիրին ներքեւ։ Յիշեցնելով, որ Ապրիլ 24ը 98րդ տարելիցն է աղիտալի այն գիշերուան, որուն ընթացքին ձերբակալուեցան հայ համայնքի երեւելի երեսփոխանները, գրողները, լրագրողները, փաստաբանները, երաժիշտները, բժիշկները եւ գիտնականները, Ինսել կը գրէ, թէ անոնք աքսորուեցան դէպի Այաշ եւ Չանքըրը եւ մեծ մասամբ սպաննուեցան ճամբու վրայ։
Ինսել դիտել կու տայ նաեւ, որ Ապրիլ 24, 1915ը ազդանշան մըն էր այն մեծ աղէտին, որ պիտի սկսէր ամիս մը ետք եւ որուն նպատակն էր անկարեւոր թիւի վերածել հայ բնակչութեան թիւը։
«Ասիկա միայն ազգաբնակչութեան քաղաքականութիւն չէր, այլ կը միտէր հայերու ինչքերն ու հարստութիւնները բռնագրաւել եւ զանոնք իսլամ օսմանցիներուն բաժնել։ 1920ին, երբ Անատոլուի մէջ բազմաթիւ իսլամներ յանկարծ հարստացան, ատոր պատճառը տնտեսական զարգացումը չէր», կը գրէ ան:
Ինսել կարեւորութեամբ կը յիշեցնէ, թէ 1915ին միայն հայոց ինչքերը չէին, որ թալանուեցան, այլեւ՝ հայերու կիներն ու զաւակները, որոնք իսլամացան։ Կային նաեւ հայեր, որոնք իսլամ կրօնքը ընդունեցին տեղահանութենէ փրկուելու համար։ Վերջապէս, հայ ժողովուրդը Անատոլուի աշխարհագրութեան վրայ ոչնչացուեցաւ սպանութիւններով, դէպի Սուրիա աքսորով, իսլամացումով եւ ապա՝ հանրապետութեան օրերուն իսկ, խտրականական քայլերու հետեւանքով հայերու արտասահման մեկնումով: «Ասիկա հայերու հազարաւոր տարիներու հետքերը սրբելու համար պետութեան կողմէ ծրագրուած հետեւողական ծրագիր մըն էր», կը շեշտէ Ինսել։
«Իթթիհատականները ծանր յանցանք մը գործած էին, եւ եթէ այդ շրջանին ցեղասպանութիւն բառը գոյութիւն ունենար, ապա այդ յանցանքը այսպէս պիտի կոչուէր։ Միայն իթթիհատականներու ղեկավարները չէին յանցաւորները. յանցաւոր էր նաեւ թուրք, քիւրտ, չերքեզ, իսլամ օսմանցիներու մեծ մասը, որոնք զօրակցեցան կառավարութեան այն քաղաքականութեան, որուն նպատակն էր Անատոլուն պարպել քրիստոնեաներէն։ Ոմանք, նոյնիսկ եթէ սպանդին չմասնակցեցան կամ թալանէն բաժին չստացան, լուռ մնալով զօրակցեցան կառավարութեան այս մեղքին։ Ինչպէս Թաներ Աքչամ ըսած է՝ նոր Թուրքիոյ գոյութիւնը իրականացաւ հայերու չգոյութեամբ», կը գրէ Ինսել։
Ան, իր յօդուածին վերջաւորութեան կը յիշեցնէ, թէ կային նաեւ իսլամ օսմանցիներ, որոնք այս յանցագործութեան դէմ կեցան։ Անոնցմէ մէկն է Քիւթահիոյ կառավարիչ Ֆայիք Ալի Պէյ Օզանսոյ, որուն գերեզմանին առջեւ Ապրիլ 24ին տեղի պիտի ունենայ հաւաք մը՝ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս: Աւելի ուշ, Սուլթանահմետի հրապարակին վրայ պիտի ցուցադրուի հսկայ ցուցատախտակ մը, որուն վրայ արձանագրուած պիտի ըլլան հայ հաւաքականութիւններու՝ Անատոլուի մէջ ապրած 2300 գիւղերու եւ գիւղաքաղաքներու անունները։ Իսկ գիշերը, «Ցեղապաշտութեան դէմ» միութեան նախաձեռնութեամբ, Թաքսիմի հրապարակին վրայ ցոյց մը պիտի կատարուի։
Ինսել կը յիշեցնէ, թէ հաշտութեան մթնոլորտը այլեւս միայն քրտական հարցին մէջ չէ, այլ պէտք է ըլլայ նաեւ հայկական հարցին մէջ։ «Այսպիսի հաշտութեան մը առաջին մասնիկն է մեր հասարակաց յիշողութեան մէջ մեր խղճմտանքին հետ հաշտուելու եւ մեր պատմութիւնը ճանչնալու հրամայականը», եզրակացուցած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.