
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարը պէտք է շարունակուի», ընդգծած է հեղինակաւոր հրեայ ցեղասպանագէտ Իսրայէլ Չառնի, «Արմէնփրէս»ի հետ բացառիկ զրոյցի մը ընթացքին:
«Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած մարդոց թիւը նկատելիօրէն կ՛աւելնայ: Սակայն, ժողովրդավարութեան ջատագով Իսրայէլի եւ Ամերիկայի կառավարութիւնները ցարդ պաշտօնապէս չեն ճանչնար զայն: Կառավարութիւնները կը գերադասեն քաղաքական շահերը», ըսած է ան:
Ան նկատել տուած է, թէ Թուրքիոյ մէջ եւս յատկանշական յառաջդիմութիւն կայ այս գծով, սակայն չկայ որեւէ նշան, որ կը մատնանշէ, թէ կառավարութիւնը կը մօտենայ ճանաչման: «Խօսքի ազատութեան կարելիութենէն զուրկ մեծ թիւով լրագրողներ եւ մտաւորականներ բանտարկուած են Թուրքիոյ մէջ», յիշեցուցած է ան:
«Հայկական Ցեղասպանութեան 100 ամեակի կապակցութեամբ մենք պէտք է մեծ աշխատանք կատարենք, եւ ես կ՛առաջարկեմ իրարու կապել բոլոր ցեղասպանութիւնները՝ ցոյց տալով, որ մենք կը յիշենք բոլորը, կը բողոքենք բոլորին դէմ ու պիտի պայքարինք յանուն ամբողջ մարդկութեան կեանքի իրաւունքին», ընդգծած է ցեղասպանագէտը:
Իսրայէլի կողմէ ճանաչման առնչութեամբ, Չառնի նշեց, որ մինչ Քնեսեթի շնորհիւ երկիրը յստակօրէն մօտեցած է այդ հարցին լուծման՝ կառավարութիւնը ցարդ դրական նշաններ ցոյց չի տար:
Յայտնենք, թէ Չառնի որոշած է իր անձնական գրադարանը նուիրել Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին: Գրադարանը ունի շուրջ եօթը հարիւր հատորնոց ցեղասպանագիտական գրականութիւն: Թանգարանը նպատակ ունի այս հարուստ հաւաքածոն զետեղել իր նոր գրադարանային մասնաշէնքին մէջ եւ ի պատիւ Իսրայէլ Չառնիի՝ բանալ առանձին անուանական սենեակ մը:
Այս նուէրը վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին գրադարանին կատարուած ամենամեծն է, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ գիտական լուրջ հետազօտութիւններ իրականացնելու ցեղասպանութիւններու համեմատական ուսումնասիրութեան ոլորտին մէջ:
Յիշեցնենք, թէ Չառնի Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան, միջազգային ճանաչման, ինչպէս նաեւ ժխտողականութեան դէմ կատարած իր ծաւալուն եւ արժէքաւոր հետազօտութիւններուն համար, 2010ին արժանացաւ Հայաստանի նախագահի մրցանակին: