
ԵՐԵՒԱՆ.– «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ աջակցութեան ծրագիրներ իրականացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի մէջ հաստատուած սուրիահայ հայրենակիցներուն համար:
23 Ապրիլին սուրիական կրթական ծրագիրով ուսուցում իրականացնող Կիլիկեան վարժարան այցելած են «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութեան պատասխանատուներ Վահան Յովհաննիսեանը, Լիլիթ Գալստեանը եւ Խաչիկ Ջոզիկեանը: Կիլիկեան վարժարանին մէջ առաջինէն իններորդ դասարան կը յաճախեն երեք հարիւր սուրիահայ երեխաներ:
Նախաձեռնութեան անդամները վարժարան այցելած են կրթական գործընթացին ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ խոստացուած նուէրը աշակերտներուն փոխանցելու համար. վարժարանի բոլոր աշակերտները ստացած են «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հիմնադրամին կողմէ յատկացուած «Թոմզ» մարզական կօշիկներ:
«Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութեան պատասխանատուները խոստացած են ապագային եւս անակնկալներով ուրախացնել վարժարանին մէջ իրենց կրթութիւնը շարունակող սուրիահայ երեխաները եւ միշտ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել անոնց։