ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Երբ կը խօսուի Մեծ եղեռնի մօտալուտ հարիւրամեակին մասին, մեծ ակնկալութիւններ կը ցուցաբերուին ոմանց կողմէ: Չըսուիր սակայն, թէ ինչի՞ վրայ կը հիմնուին այդ ակնկալութիւնները:
Ոմանք կը դատեն, որ անկիւնադարձի մը առջեւ կը գտնուինք, ու մեր պայքարի յաջողութեան համար նոր կարելիութիւններ կը բացուին մեր առջեւ: Բայց այդ կարելիութիւնները ուրկէ՞ կը ծագին, եւ ի՞նչ են, դարձեալ շատ յստակ չէ: Կարծես միայն այն իրողութիւնը, որ հարիւր տարի անցած պիտի ըլլայ հայոց դէմ գործուած Մեծ Ոճիրին՝ Ցեղասպանութեան վրայ, բաւարար է, արդարացնելու համար այդ յուսադրումը:
Պարզ ակնարկ մը մեր պատմութեան վրայ, սակայն, ցոյց կու տայ, որ ցեղասպանութիւնը սկսած էր 1915էն շատ առաջ, սկսած էր բազմաթիւ կողմերէ, բազմաթիւ պետութիւններու մեղսակցութեամբ ու մասնակցութեամբ: Հայերը մաքրագործելու, Հայաստանը հայաթափելու եւ Հայկական բարձրաւանդակին տիրանալու նկրտումները հինէն, շա՜տ հինէն կու գան, ու դարերու ընթացքին այնտեղ մեր թիւի շատնալուն տեղ նուազած ըլլալը արդիւնք է այդ փորձերուն: Արդիւնք է նաեւ մեր ունեցած (կամ չունեցած) ազգային ռազմավարութեան, որ հողին կառչելու, զայն ամէն գնով պաշտպանելու եւ անոր տէր կանգնելու փոխարէն, սեփական գլուխը ազատելու եւ սեփական գոյութիւնը օտար երկինքներու տակ շարունակելու, ատով ալ հաւաքակա՛ն գոյութիւնը կորսնցնելու վտանգին ենթարկուելու ընտրանքին վրայ հիմնուեցաւ:
Ասիկա շատ պարզունակ ներկայացում մըն է, ի հարկէ, ու այդ ընթացքին, թէկուզ վերջին հազար տարուան ժամանակամիջոցին, այսուամենայնիւ Հայը շարունակեց նաեւ պայքարիլ, ու փրկել իր արժանապատուութիւնը: Ապա, 1915ին յաջորդեց 1918ը, կորսուած հայրենիքին փոխարէն կերտուեցաւ նաեւ հոգեկան հայրենիք մը, որ Սփիւռք բնորոշումը ստացաւ:
Եթէ 2015ը բան մը կրնայ փոխել մեզի համար – եւ այդ փոփոխութիւնը մեզմէ՛ պիտի գայ, այդ՝ պիտի ըլլայ այն գիտակցումը, որ Եղեռնը կանգ չէ առած, որ աշխարհի երեսէն մեր տեսակի վերջնական բնաջնջումը կը մնայ տակաւին մեր «թշնամի»ներուն ու մանաւանդ մեր «բարեկամ»ներուն օրակարգին վրայ: Եթէ գիտակցինք ասոր, կը հասկնանք նաեւ թէ ինչո՛ւ չակերտեցի այդ երկու բառերը, որոնք դիւրաւ կրնանք մէկը միւսին տեղ գործածել առանց վարանումի: Մանաւանդ գիտակցիլ, որ «չկան յաւիտենական թշնամիներ ու յաւիտենական բարեկամներ, կան յաւիտենական շահեր»: Հռոմը մեր բարեկա՞մն էր, թէ թշնամին: Բիւզանդիոնը՞: Պարսկաստանը՞: Պաղտատի խալիֆայութիւնը՞…
Ուրեմն, եթէ մեր ազգային ռազմավարութիւնը հիմնուած ըլլայ մե՛ր շահին վրայ, այն ատեն աշխարհին կը նայինք տարբեր աչքով: Յաղթողի՛ աչքով, ո՛չ՝ պարտուողի: Յաղթողի՝ քանի որ բոլոր ջարդերէն ետք, բոլոր նախճիրներէն ետք, բոլոր ցեղասպանութիւններէն ետք, բոլոր արտագաղթերէն ետք, վերապրե՛ր ենք: Ո՛չ թէ 100 տարի, ո՛չ թէ 1000 տարի, այլ 10,000 տարի: Զարմանա՞լ, որ այդքան նախանձ, այդքան ատելութիւն, այդքան սադրանք ու ոճիր, կը շրջապատեն մեզ…
Այս բոլորին դէմ յանդիման, մերը ինքնապաշտպանութեան ռազմավարութիւն մըն է եղեր ցարդ, այն ալ՝ գուցէ ո՛չ այնքան յաջող, փոխանակ ըլլալու հակայարձակումի ռազմավարութիւն: Եւ խնդրարկուի՝ փոխանակ պահանջատէրի: Ինկեր ենք թակարդը: Թշնամի ու բարեկամ, իրե՛նք որոշեր են խաղին օրէնքները, ու մենք իրե՛նց խաղը կը խաղանք: Որքա՜ն ուժ, շունչ ու դրամ կը ծախսենք, որպէսզի պատմական անհերքելի իրողութիւն մը «փաստուի», ճանչնա՜ն մեր դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը: Մեզմէ ոմանք պիտի ըսէին՝ «ճիւերու՜ս»: Պէտք ունի՞նք այդքան իրար անցնելու, թէ ճանչցե՞ր են, թէ՞ չեն ճանչցեր: Սա կրաւորական մօտեցում է, ինքնապաշտպանութեան մօտեցում է, որ սակայն մեր ուժերը քամելէ անդին մեծ արդիւնքներու չի հասնիր, նոյնիսկ եթէ ամբողջ աշխարհն ալ, դարձեալ թշնամի ու բարեկամ, ընդունին, որ եղե՛ր է մարդկութեան դէմ այդ մեծ ոճիրը: Հարցը անկէ անդին անցնիլն է, ու ատիկա չի կրնար մեր ներկայ ռազմավարութեամբ իրականանալ: Պիտի դառնանք ներգործական, պիտի անցնինք հակայարձակումի:
Պիտի յարձակինք ա՛յն երեւոյթներուն վրայ, որ աշխարհը այս վիճակին հասցուցեր են, մարդկային հաւաքականութիւնը ենթարկեր են շամբերու օրէնքին, փոխանակ «ազատութեան, հաւասարութեան ու եղբայրութեան» օրէնքները դարձնելու ի զօրու: Եւ այս մեղքը միայն մէկ պետութեան, մէկ երկրի վզին չէ փաթթուած: Հզօրներէն մինչեւ տկարները, նման կացութիւններ ստեղծած են, կեղեքելով թէ՛ ուրիշները, թէ՛ ալ իրենք իրենց ժողովուրդները:

Առանց համաշխարհային անարդար իրավիճակին լուծում գտնելու, չենք կրնար ակնկալել որ Հայկական Հարցին լուծում գտնուի: Սա գիտենք Պերլինի խորհրդաժողովէն ի վեր, 1878էն, որմէ վերադարձին Խրիմեան Հայրիկ Երկաթէ շերեփի իր պատմական ճարը արտասանեց:
Երկաթէ շերեփը այն ատեն հրացանն էր մոսին հրացանը, որ ուսերուն առած լեռ բարձրացան հայոց մարտիկները՝ ջա՜ն ֆետայիները: Եւ եղեւ Խանասորի արշաւանք: Եղեւ Սարդարապատ: Այսօր ան ձեւ փոխած է, սակայն Հայոց Հայրիկին պատգամին էութիւնը չէ՛ փոխուած: Այսօր ռազմադաշտը նոյնը չէ, կռուելու զէնքերը նոյնը չեն, բայց հակայարձակումի ռազմավարութեան կարիքը կը մնայ նոյնը: Քաղաքական, տնտեսական, մշակութային թէ ընկերային բնագաւառներուն մէջ է կռիւը: Ու մենք բացակայ ենք: Մեր ձայնը լսող չկայ: Ձայն չունինք, որ լսուի: Ձայն՝ որ պիտի համոզէր բոլորը՝ թշնամի ու բարեկամ, չակերտաւոր թէ անչակերտ, թէ մեր ներկայութիւնը կենսական է աշխարհի այդ երկրամասին վրայ՝ որպէս քաղաքակրթիչ ազդակ, որպէս հաւասակշռիչ գոյութիւն: Որպէս խաղաղութեան երաշխիք: Հիւսիսի ու հարաւի, արեւելքի ու արեւմուտքի անշրջանցելի խաչմերուկ: Բայց բացակայ ենք: Մեր ապրած երկիրներուն մէջ, թէ՝ համաշխարհային առումով:
Բոլոր հաւանականութիւնները ի դերեւ հանելով վերապրած ժողովուրդի մը վայել չէ նման բացակայութիւնը աշխարհի բեմերէն, ուրկէ՛ պիտի ըլլայ, պէ՛տք է ըլլայ հակայարձակումը բոլոր անարդարութիւններուն դէմ:
Եթէ անկիւնադարձ՝ ա՛յս իմաստով անկիւնադարձ թող ըլլայ 2015ը:
Իսկ ինչո՞ւ տակաւին երկու տարի եւս սպասենք…