
ՓԱՐԻԶ.- Փարիզի Աստուածամօր (Notre Dame de Paris) տաճարին մէջ Ապրիլի 21ին տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութիւն՝ Ֆրանսայի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի առաջնորդութեամբ:
Պատարագին նախորդող ոգեկոչման աղօթքներով հանդէս եկան Փարիզի կաթոլիկ եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Ժերոմ Պոն, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորուան արք. Զաքարեան եւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ առաջնորդ Ժօէլ Միքայէլեան:
Ֆրանսայի Մայր տաճարի լեփ-լեցուն սրահին մէջ կայացած արարողութեան ներկայ եղած են Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, պատգամաւորներ, քաղաքապետներ, ֆրանսահայ երեւելի անհատներ, Ֆրանսայի քաղաքական, հասարակական, մշակութային եւ լրատուական շրջանակներու հարիւրաւոր ներկայացուցիչներ: