Ազգային Անուշ եւ Վահան Շամլեան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17ի առաւօտուն, Հայաստան ուխտագնացութենէն իրենց վերադարձին առիթով, այցելեցին Ազգ. առաջնորդարանը եւ մտերմիկ պահ մը անցուցին առաջնորդ սրբազանին ու հոգեւոր հայրերու հետ։ Անոնք ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը ու պատմեցին Հայաստանէն իրենց քաղած տպաւորութիւններուն մասին։
8րդ կարգի աշակերտները, վարժարանի փոխտնօրէնուհի Ռիթա Գաբրիէլեանի, դաստիարակներու եւ ծնողներու ընկերակցութեամբ, Ազգ. առաջնորդարան հասան ժամը 10ին եւ դիմաւորուեցան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, որուն կողքին էին Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան եւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան։ «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռին մէջ, հոգեւոր հայրերն ու աշակերտները ունեցան աղօթքի պահ մը. Տէրունական աղօթքէն ետք երգուեցան Ս. Յարութեան տօնի շարականներ։ Ապա, աշակերտները ուղղուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ, ուր ներկայացուցին իրենց պատրաստած սեղմ բայց տպաւորիչ յայտագիրը։
Հանդիսավարն էր Միշէլ Կարապետեան, որ առաջին հերթին հրաւիրեց իր դասընկերներէն Արէն Աղամանուկեանը, որպէսզի արտասանէ ողջոյնի խօսքը։ Արէնը յայտնեց, որ Հայաստան ուխտագնացութենէն վերադարձին, այսօր իրենց համար նոր ուխտի օր է՝ վերահաստատելու հաւատարմութիւնը մեր լեզուին ու մշակոյթին։ Ան նշեց, որ Հայաստանի մէջ ինք եւ դասընկերները հաղորդակից եղան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ոգիին ու ժառանգութեանց, եւ այժմ իրենք զիրենք աւելի հայ կը զգան։
Յայտագիրին մաս կը կազմէին դաշնակի վրայ նուագներ եւ խմբային արտասանութիւններ։
Իր օրհնութեան խօսքին մէջ, առաջնորդը ողջունեց աշակերտներուն ներկայութիւնը՝ գոհունակութիւն յայտնելով, որ Հայաստան ուխտի երթալէ ետք, անոնք այսօր Ազգին Տունը եկած են իբրեւ երկրորդ ուխտատեղի, եւ կը վերանորոգեն մեր լեզուին, մշակոյթին ու հաւատքին հանդէպ իրենց հաւարատմութիւնը։ Սրբազանը դրուատիքով արտայայտուեցաւ ներկայացուած յայտագիրին մասին՝ գնահատելով վարժարանի տնօրէնին, փոխտնօրէնին, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն յանձնառութիւնը նոր սերունդի դաստիարակութեան գործին մէջ։ Ան նաեւ յիշեցուց, որ անցեալ Կիրակի, Ապրիլ 14ին, Լաս Վեկասի մէջ կատարուեցաւ Ս. Կարապետ նորակառոյց եկեղեցւոյ օծումը, ինչ որ նոր կեանքի, լոյսի եւ ուխտի վերանորոգման ցուցանիշ է։
Առաջնորդը աշակերտները հարցապնդեց Հայաստանէն իրենց քաղած տպաւորութիւններուն մասին, նաեւ յիշեցուց, որ Չորեքշաբթի օր Ապրիլ 24 է, Ցեղասպանութեան 98րդ տարեդարձը, ինչ որ կը թելադրէ վերանորոգել նաեւ մեր նահատակներու կտակին հաւատարմութեան ուխտը։
Վերջապէս, սրբազանը յորդորեց, որ տարեվերջին, երբ աշակերտները շրջանաւարտ պիտի ըլլան հայկական այս վարժարանէն, անոր յարկին տակ իրենց ստացած ուսումն ու հայկական շունչը պահեն իրենց հոգիներուն մէջ, ու ապագային լծուին մեր ժողովուրդի ծառայութեան։
Առաջնորդին փակման աղօթքէն ետք, հանդիպումը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի եւ Հայաստանի քայլերգին երգեցողութեամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.