
ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ.- Կազմակերպութեամբ Ախալքալաքի Հայկական երիտասարդական կեդրոնին, 23 Ապրիլին Ախալքալաքի մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութեան վերածուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած ջահերով երթը։ Քաղաքին երիտասարդութիւնը հաւաքուեցաւ Ախալքալաքի Ազատութեան փողոցի վերջաւորութեան։ Երթին մասնակիցները, որոնց թիւը տարուէ տարի կ՛աւելնայ, վառեցին ջահերը եւ սկսան երթը՝ հայկական, վրացական դրօշներով, ոճիրը դատապարտող պաստառներով եւ «Ճանաչում» վանկարկելով՝ քալեցին դէպի Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցի։ «Զօրի Զօրեան» երիտասարդական կազմակերպութեան անդամ Սարգիս Պալոյեան եկեղեցւոյ բակին մէջ կոչ ուղղեց Ախալքալաքի Շրջանային ժողովի պատգամաւորներուն, 24 Ապրիլին մոմեր վառելու եւ ծաղիկներ զետեղելու կողքին, հարցը նաեւ ներկայացնել Վրաստանի խորհրդարան՝ սոյն հարցը օրակարգ մտցնելու եւ 1915ին Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը պետականօրէն ճանչնալու եւ դատապարտելու պահանջով։
«Մենք՝ Վրաստանի մէջ ապրող հայերս մեր երկրին լիարժէք ու օրինապահ քաղաքացիներն ենք, յանուն արդարութեան վերականգնման ու ամբողջ Վրաստանի երեխաներու ապագային, հաշուի չառնելով որեւէ խոչընդոտ, կոչեցէք իրերը իրենց անուններով ընդունեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը եւ դատապարտեցէք ատիկա… ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ այս կը պահանջէ անմեղ զոհերուն սուրբ արեան կանչը»։