
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Ապրիլ 25ին, «Oakmont Country Club»ի սրահը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի YWCA-ի 16րդ աւանդական ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին իգական սեռի հինգ ներկայացուցիչներ պարգեւատրուեցան «Heart & Excellence» մրցանակով: Պարգեւատրուողներէն մէկը՝ շրջանի Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեանն էր:
Քէյթըր Լիի հանդիսավարութեամբ ընթացող սոյն ձեռնարկին, «Jane O՛Connor Volunteer Service» մրցանակով պարգեւատրուեցան նաեւ համայնքէն ներս կամաւոր աշխատանք տանող երկու աշակերտներ:
Բազմաթիւ ՀՕՄականներու առընթեր, պարգեւատրման հպարտալի սոյն ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան եւ Անի Քէշիշեան, նաեւ Շրջ. վարչութեան անդամներ եւ պաշտօնէութիւն:
Մրցանակի ստանձնման առիթով իր փոխանցած պատգամին մէջ, Պօզոյեան շեշտեց կարեւորութիւնը միացեալ պայքար տանելու՝ բռնութեան, ահաբեկչութեան եւ ցեղասպանութեան դէմ: Այս իմաստով, ան մատնանշեց տարուող աշխատանքը ՀՕՄի, Կլենտէյլի Հայ Դատի, «Commission on the Status of Women» եւ «Neighborhood Legal Services»ին կողմէ եւ աւելցուց. ««Safe Family Task Force»ի ստեղծման պատճառներէն մէկը՝ Կլենտէյլի YWCA-ի ընտանեկան բռնութեան ենթարկուածներու պատսպարաններէն մէկուն կորուստն էր, որուն փոխարինման տարբերակի մը մասին մտածուեցաւ»: Պարգեւատրեալին հաստատումով՝ այս մարզէն ներս շրջանէն կազմակերպութիւններ իրենց օգտակարութիւնները կը մատուցեն YWCA-ին եւ համայնքի կազմակերպութիւններուն:
Պօզոյեանի հետ եւս պարգեւատրուեցան Թոնի Պեք Էսփինոզա, Ճորի Փաթս, Մերի Մարկարէթ Սմիթ եւ Ճոյլին Ուեկնըր: