ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա գտ-նուող Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արազ Ազիմով Հինգշաբթի, Մայիս 2ին յայտարարած է, թէ Պաքուի իշխանութիւնները արտօնութիւն պիտի չտան, որ Ստեփանակերտի օդակայանը գործածութեան դրուի:
«Շիքակոյի, ինչպէս նաեւ Ժընեւի դաշինքներուն համաձայն՝ բռնագրաւուած տարածքներէն թռիչքներու իրականացումը անթոյլատրելի է», ըսած է Ազիմով Անգարայի մէջ, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին՝ աւելցնելով. «Մենք նման թռիչքներ պիտի չարտօնենք թէ՛ քաղաքական եւ թէ իրաւական պատճառներով»:
Ազիմով նաեւ անդրադարձած է Արցախի հարցի կարգաւորման բանակցային գործընթացին եւ նշած. «Հակառակ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ջանքերուն, բանակցութիւնները որեւէ արդիւնք չեն տուած: Հայաստան արդէն իսկ 20 տարի է որ բռնագրաւած է ատրպէյճանական տարածքներ: Մինսկի խմբակը մշակած էր որոշ առաջարկներ, որոնք յայտնի են Մատրիտեան սկզբունքներ անունով, սակայն Հայաստանը չընդունեց զանոնք»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.