ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի նոր ձեւաւորուելիք աւագանիէն կ՛ակնկալուի հաշմանդամներու տեղափոխութեան խնդիրները լուծել: 26 Ապրիլին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է «Ունիսոն» հասարակական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Արմէն Ալաւերդեանը: Ան նշած է, որ վերջին տասը տարիներուն այս բնագաւառին մէջ որոշ դրական փոփոխութիւններ կան, սակայն յառաջխաղացքը դեռ դանդաղ է: Ալաւերդեան նշած է, որ հակառակ 2007էն ի վեր գործող նոր շինարարական ձեւերուն, բոլոր պարագաներուն չէ, որ անոնք կը պահպանուին։ «Շատ յաճախ մենք տեսնում ենք թեքահարթակներ, որոնք ուղղակի խանգարում են մուտք գործել շէնք», յայտնած է Ալաւերդեանը: Ան յատուկ կերպով շեշտը դրած է քաղաքային երթեւեկի անմխիթար վիճակին վրայ՝ ընդգծելով նաեւ, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու քարոզչական հոլովակներուն մէջ սուրդօ (խուլերու եւ համրերու յատուկ) թարգմանութիւն չկայ:
Նախապէս հաշմանդամութիւն ունեցող քաղաքացի Յասմիկ Մուրադեան խօսած է հաշմանդամներու փոխադրութեան եւ աշխատանքի խնդիրին մասին: «Շատ յաճախ հասարակական տրասնպորտով տեղաշարժի խնդիրների պատճառով օգտւում եմ տաքսիներից», յայտնած է Մուրադեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.