ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, ոգեկոչական հանդիսութիւնները նոր թափ մը առած են ու ոգեկոչական ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենան արար աշխարհով, նոյնիսկ հոն, ուր բուռ մը հայութիւն գոյութիւն ունի: Այս բոլորին մէջ նորութիւնը եւ քաղաքականօրէն հետաքրքրականը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող ոգեկոչումներն են, որոնք սկիզբ առած են Զինճիրլիք գիւղի գերեզմանատան մէջ, Սուլթան Ահմետի հրապարակին վրայ, Թաքսիմի հրապարակին վրայ, Իզմիրի մէջ եւ այլուր:
Հայկական Ցեղասպանութեան 98ամեակի Սան Ֆրանսիսքոյի ոգեկոչական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Հայ աւետարանական «Գողգոթա» եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ:
Ոգեկոչական երեկոյին ներկայ էին Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի հայ եկեղեցիներու հոգեւոր հայրեր՝ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան, Մեսրոպ քհնյ. Աշ, Յովէլ քհնյ. Օհանեան, վեր. Ներսէս Պալապանեան, վեր. Ճէյմս Գիզիրեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախորդ ատենապետուհի իսկ ներկայիս Ֆրանսայի Ռոն Ալփ մարզի Շրջանային խորհուրդի անդամ Հիլտա Չոպոյեանն ու ամուսինը, շրջանէն ներս գործող կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ շուրջ 250 հանդիսականներ, որոնք եկած էին յարգելու յիշատակը Հայկական Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:
Յայտագիրը սկսաւ ՀՄԸՄի արի-արենուշներու դրօշակի արարողութեամբ: Յաջորդաբար, ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին ամերիկեան եւ հայկական քայլերգները՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Սեւան Պալապանեանի, ապա մէկ վայրկեան լռութիւն պահուեցաւ՝ առ ի յարգանք Մեծ Եղեռնի զոհերուն:
Ոգեկոչական երեկոյի յայտագիրը ձեռնհասօրէն վարեց տաղանդաշատ ու շնորհալի հանդիսավարուհի Ռուբինա Գասպարեանը, որ բարի գալուստի խօսքերէն ետք ըսաւ. «Այսօր, Հայ Դատի պայքարը հաստատօրէն թեւակոխած է նոր հանգրուան մը: Հարիւրամեակի սեմին տեղի կ՛ունենան շատ կարեւոր եւ լուրջ խորհրդակցութիւններ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի քաղաքական թեւերը ներկայացնող ղեկավարներու միջեւ: Լիայոյս ենք, որ միասնական վճռակամութեամբ կը ներկայացնենք մեր Ցեղասպանութեան հատուցման արդար պահանջները Թուրքիոյ, եւ մեր դար մը զոհողութիւններն ու պայքարը, յաւելեալ կազմակերպութեամբ՝ յաջողութեամբ կը հասցնենք իրենց լրումին: Պատմութեան մէջ անկարելի բան չկայ»:
Օրուան բանախօսը, յայտնի մտաւորական ու հրապարակախօս դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, այս առիթով յատկապէս հրաւիրուած էր Լոս Անճելըսէն: Ան ակադեմական մասնագիտութեամբ ու խորաթափանց ուսումնասիրութեամբ ներկայացնելով իր պատգամն ու Ցեղասպանութեան խորհուրդը՝ ի միջի այլոց նաեւ ըսաւ. «Յաճախ մտածած եմ, թէ կեանքս որքա՛ն տարբեր պիտի ըլլար եւ ինչպիսի անձ մը պիտի ըլլայի, եթէ իմ մեծ ծնողներս ջարդէ ազատուողներէն չըլլային, եթէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը այսքա՛ն մեծ չափով նկարագիրիս կազմուելուն չազդէր եւ եթէ այսքա՛ն պարտաւորուած չզգայի փոխանցելու զաւակիս այս՝ տակաւին չլուծուած հսկայ բեռը, զոր ժառանգեցի…: Կը մտածեմ իմ մեծ հօր՝ Աշոտի մասին, որ 1909ին կ՛ապրէր Օմահա: Չդիմանալով ջարդի սրտաճմլիկ լուրերուն՝ ան կ՛արձանագրուի ֆրանսական բանակի օտար ջոկատներուն (French Foreign Legion) եւ կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Սիս, կռուելու թուրքերուն դէմ: Այսպիսով կը սկսի իմ՝ Վիգէնին պատմութիւնը, եւ շատ շատերու՝ արաներու, արմէններու, ժագերու եւ սթիւներու, որոնց մէջ իրենց մեծ ծնողներուն պատմութիւնները դրոշմուած են եւ բաց մը ստեղծած: Ա՜խ որքա՛ն կ՛ուզեմ, որ մեր զաւակները ձերբազատուած ըլլան այս ծանր բեռէն»:
Խօսելով թուրքերուն ներելու մասին՝ դոկտ. Վ. Եագուպեան, հիմնուելով իր մասնագիտութեան վրայ՝ նշեց, թէ ներումը առաջին կարեւոր քայլերէն մէկն է, սակայն անիկա հիմնուած պէտք է ըլլայ պատմական եւ ընկերային արդարութեան վրայ. այն ատեն է միային, որ արկածեալ կողմը կամեցողութիւնը կ՛ունենայ նոյնիսկ հաշտուելու, եւ փոխադարձաբար՝ ոճրագործը առիթը կ՛ունենայ յանցանքը ընդունելու եւ մարդկութեան բարոյական ընտանիքին մէջ ընդունուելու: «Սակայն, մինչեւ այդ օրը գայ, մենք պիտի գոյատեւենք, ապրինք հպարտ ու ճկուն, ինչպէս վայել է հայուն. պիտի շարունակենք ըլլալ հայ՝ ո՛ւր ալ ապրինք, պիտի ըլլանք այն հայը, զոր Սարոյեան նկարագրած է իր բացառիկ ոճով», աւելցուց ան:
Դոկտ. Վ. Եագուպեան, եզրակացնելով իր խօսքը՝ ըսաւ. «Հայուն շարժուձեւը որքա՛ն խօսուն է. ծունկին զարնելով այդ բարձրաձայն խնդուքը, հայհոյանքը, այդ բառը, նայուածքը, ժպիտը եւ այս բոլորին մէջէն՝ հայուն վերածնունդը…: Հակառակ, որ տարիներ անցան, քաղաքներ փճացան, հայրեր ու զաւակներ սպաննուեցան, տեղեր մոռցուեցան, երազներ ջնջուեցան եւ սիրտեր լեցուեցան ատելութեամբ, մենք կը շարունակենք ապրիլ եւ գոյատեւել»:
Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցան 2 հետաքրքրական տեսաերիզներ. առաջինը՝ վերապրողի մը հետ 30 երկվայրկեաննոց տեսաերիզը, որուն մէջ Ատանայի ծնունդ 98 տարեկան Թագուհի Քէշիշեանը պատգամ մը կը փոխանցէր իր զաւակներուն, թոռներուն ու ծողներուն ու համայն հայութեան՝ ըսելով, թէ երբե՛ք պէտք չէ մոռնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Յաջորդը՝ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի հաճելի ու անակնկալ ելոյթն էր՝ հայերէնով, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24ին, Ներկայացուցիչներու տան մէջ. ան կը պատգամէր. «Սիրելի հայ բարեկամներ՝ հոս եւ աշխարհի չորս կողմը, այսօր՝ Հայկական Ցեղասպանութեան 98րդ տարելիցին օրը, Ներկայացուցիչներու տան ամպիոնէն խօսքս ձեզի կ՛ուղղեմ, ձեր մեծ հայրերուն լեզուով. լեզու մը, որուն հետ անոնք արտայայտած են իրենց սէրը, յոյզերը՝ 1915 թուականին»: Ամբողջական խօսքին համար՝ տեսնել «Ասպարէզ»ի Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2013ի թիւը:
Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին Նանօր Պալապանեան եւ Արփի Նագգաշեան՝ ասմունքով: ԳԶՎ վարժարանի աշակերտներէն Ռուբինա Կարապետեան արտասանեց Մ. Իշխանի «Հայոց Լեզուն», իսկ Հայ աւետարանական «Գողգոթա» եկեղեցւոյ երգչախումբը կատարեց երեք երգեր՝ «Ով Հայոց Աշխարհ», «Ես Լսեցի Մի Անոյշ Ձայն» եւ «Զարթիր Որդեակ», ղեկավարութեամբ վեր. Ներսէս Պալապանեանի:
Ոգեկոչական երեկոն հասաւ իր աւարտին հոգեւոր հայրերու աղօթքով: