ՖՐԵԶՆՕ.- Ֆրեզնոյի Չարլի Քէյեան համագաղութային հայ վարժարանի 5րդ եւ 6րդ դասարանի աշակերտները այս տարի, իրենց Զատկուան արձակուրդին ընթացքին, առիթը ունեցան Հայաստան այցելելու՝ ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն եւ վարժարանի տնօրէնուհի Զար Տէր Մկրտիչեանի:
Անոնք այցելած են Հայաստանի ծառատունկ ծրագիրի կեդրոններէն մէկը, ուր համագործակցութեամբ Երեւանի թիւ 135 վարժարանի աշակերտներուն՝ գործնականապէս օժանդակած են տունկեր պատրաստելու աշխատանքին: Անոնք այցելած են նաեւ Ծովինար ու առիթը ունեցած են ձիւնով խաղալու տեղւոյն վարժարանի աշակերտներուն հետ, ինչպէս նաե ծանօթացած են Նախիջաւանէն միայն քանի մը մղոն հեռու գտնուող Տիգրանաշէն գիւղի աշակերտներուն:
Մշակութային ու պատմական վայրեր ու եկեղեցիներ այցելելու կողքին, աշակերտները Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցած են այդ օրերուն տակաւին հացադուլի մէջ գտնուող նախագահական թեկնածու եւ ֆրեզնոցի Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի հետ: Դէպի Գիւմրի ճամբուն վրայ, աշակերտները այցելած են Վարազն Սամուէլեանի (այլ ֆրեզնոցի մը) անուան մշակութային կեդրոնը: Սամուէլեան յայտնի արուեստագէտ ու արձանագործ մըն է, որ մօտիկ բարեկամ էր Ուիլեըմ Սարոյեանի:
Մշակութային ձեռնարկներու ներկայ գտնուելու կողքին, աշակերտները նաեւ առիթը ունեցան ներկայ ըլլալու Հայաստան-Չեխիա ֆութպոլի մրցումին ու անմոռանալի յիշատակներով վերադարձան Ֆրեզնօ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.