
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 6 Ապրիլին այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան յատուկ քննչական ծառայութիւն եւ աշխատակազմին ներկայացուցած է այս օրերուն իր հրամանագիրով նշանակուած Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութեան նոր պետ Վահրամ Շահինեանը:
Նախագահի մամլոյ գրասենեակէն «Նիուզ»ին յայտնած են, որ Սերժ Սարգսեան խօսած է նաեւ նախկին պետ Անդրանիկ Միրզոյեանի ազատ կացուցման պատճառներուն ու ծառայութեան առջեւ դրուած խնդիրներուն մասին:
«Միրզոյեանի ազատման առիթը եղել է ապօրինութիւնը կոնկրէտ քրէական գործով, բայց պատճառն այլ էր: Պատճառն այն էր, որ Անդրանիկ Միրզոյեանը չկարողացաւ լուծել իր առջեւ դրուած խնդիրը, իսկ ես խնդիր էի դրել պարոն Միրզոյեանի առջեւ, որպէսզի մեծ ջանքեր գործադրի Յատուկ քննչական ծառայութեան կայացման դժուարին գործում: Յատուկ քննչական ծառայութիւնը պէտք է կայանար որպէս ինստիտուցիոնալ անկախ եւ քրէական արդարադատութեան իրականացման գործում ինքնուրոյն մասնակից: Ցաւօք, մինչեւ հիմա այդպէս չէ: Սա այն ծառայութիւնն է, որտեղ պէտք է աշխատեն բացառապէս գործին նուիրուած ինքնուրոյն, պրոֆէսիոնալ եւ հնարաւորինս օբյեկտիւ մտածողութիւն ունեցող մարդիկ: Այս ծառայութիւնը չի կարող լինել կամակատար», յայտնած է նախագահը:
Սերժ Սարգսեան նշած է, որ իրաւապահ մարմիններու մասին խօսելու ընթացքին լաւապէս կը գիտակցի, որ ամէնէն դժուար վիճակի մէջ կը գտնուին Յատուկ քննչական ծառայութեան աշխատողները, որովհետեւ բազմաթիւ պարագաներու անոնք նաեւ ստիպուած կ՛ըլլան վարել քրէական գործեր, որոնց մէջ կան նաեւ իրենց գործընկերները: Բայց միւս կողմէ ալ, ըստ նախագահին, անոնք պէտք է հասկնան, որ ատիկա իրենց կոչումն է, եւ ան որ պատրաստ չէ անոր, ուրեմն պէտք չէ այս համակարգին մէջ աշխատի. «Այստեղ պէտք են մարդիկ, մասնագէտներ, ովքեր պատրաստ են ճշմարտութեանն ուղիղ նայել եւ եթէ տեսնեն, որ իրենց գործընկերները, բարեկամները, ընկերներն իրենց գործունէութեամբ խաթարում են մեր երկրի, մեր պետական կառոյցների ընթացքը, ապա պարտաւոր են միջոցներ ձեռնարկել», դիտել տուած է նախագահը։