ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ինչպէս հաղորդեցինք նախապէս, այս տարի եւս Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման յատուկ ձեռնարկ մը, որ նաեւ առիթ հանդիսացաւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ ամերիկահայութեան մտահոգութիւնները փոխանցելու խումբ մը քոնկրեսականներու:
Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Միշել Յակոբեան կը յայտնէ, թէ այս հաւաքին ընթացքին կարելի եղած է 31 տարբեր նահանգներու քոնկրեսականներուն փոխանցել ոչ միայն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու ջանքերուն անհրաժեշտութիւնը, այլեւ՝ ամերիկահայութիւնը եւ ընդհանրապէս հայութիւնը յուզող շարք մը այլ հարցերու բարւոք լուծում մը գտնելու կարեւորութիւնը:
Յակոբեանի կողքին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան, Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Գիզիրեան, վարչութեան անդամ Թամար Քանարեան, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեան եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի օրէնսդրական հարցերու վարիչ Ռաֆֆի Գարագաշեան, ինչպէս նաեւ զանազան շրջաններէ Հայ Դատի գործիչներ մասնակցեցան քոնկրեսականներու հետ խորհրդակցութեանց:
Քոնկրեսական Տէյվիտ Սիսիլի հրաւէրով, Ապրիլ 24ի Ներկայացուցիչիներու տան բացման աղօթքը կատարած Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան եւս շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ քոնկրեսականներու, ներառեալ՝ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Ճան Պէյնըրի հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.