
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանին եւ կազմակերպութեամբ Արցախի մշակութային միացեալ մարմինին, Միացեալ Նահանգներու հայ վեթերաններու միութեան, Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան, «Մաշտոց» քոլեճին, ինչպէս նաեւ մշակութային, հասարակական ու երիտասարդական կազմակերպութիւններու, Հինգշաբթի, Մայիս 9ին, կ.ե. ժամը 5:30էն սկսեալ, Կլենտէյլի Քոլորատօ եւ Պրենտ թաղերուն անկիւնը գտնուող այգիին մէջ տեղի պիտի ունենայ Արցախի ազատագրական շարժումին 25րդ ամեակին նուիրուած տօնական համերգ, որուն պիտի մասնակցին խումբ մը արուեստագէտներ եւ հասարակական գործիչներ:
Ձեռնարկը նուիրուած է Արցախի ազատագրական շարժումի փառահեղ յաղթանակներուն եւ յատկապէս՝ Շուշիի ազատագրութեան ու Արցախի բանակի կազմութեան:
Նախագիծին հեղինակն է Անահիտ Իշխանեան: