
ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Ամերիկահայ բժշ-կական ընկերակցութեան հիւրընկալութեամբ կայանալիք Հայ բժշկական համաշխարհային 11րդ համաժողովի պաշտօնական ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Յուլիս 6ին, «Ռէյ Տոլպի» թատրոնի (նախկին «Քոտաք» թատրոնը) սրահին մէջ, եւ որոշուած է անոր հասոյթը յատկացնել Հայաստանի մէջ պատանեկան եւ մանկական հիւանդութիւններու դարմանումի ծրագիրներուն՝ Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան Պատանեկան շաքարախտի ծրագիրին ու Մանկական լուսնոտութեան ծրագիրին:
Ճաշկերոյթը նաեւ առիթ մը պիտի ըլլայ տօնելու աշխարհի չորս ծագերէն առողջապահութեան մարզի միջազգային մասնագէտներ ի մի բերող չորսօրեայ (Յուլիս 3-7) համաժողովին իրագործումները: Հոլիվուտի միջավայրին հաւատարիմ մնալով՝ ճաշկերոյթին ճաշերը պիտի պատրաստուին աշխարհահռչակ խոհարար Ուոլֆկանկ Փաքի առաջնորդութեամբ, իսկ մասնակիցները ամբողջ երեկոյին ընթացքին պիտի վայելեն բարձրորակ երաժշտական յայտագիր մը:
Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան Պատանեկան շաքարախտի ծրագիրը Հայաստանի մէջ սկսած է գործելու 1993ին՝ օգնութեան ձեռք երկարելով շաքարախտի դժուարութիւններով ապրող հայրենի պատանիներու, եւ 2011էն ի վեր, անոնց համար ամառնային ճամբարներ կը կազմակերպէ, ինչ որ հաճելի ժամանց մը ըլլալու կողքին, շաքարախտով ապրելու կապակցութեամբ դաստիարակչական գիտելիքներով յագեցուած նախաձեռնութիւն մըն է:
Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութիւնը 2003ին հաստատեց Մանկական լուսնոտութեան ծրագիրը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր Հայաստանի մէջ: Վերջին տասնամեակին, հազարաւոր երեխաներ օգտուած են անոր սպասարկութիւններէն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց, ճաշկերոյթին տեղեր ապահովելու կամ արձանագրուելու համար, այցելել www.aamsc.com/congress կայքէջը: