ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– Երեւանի կրկէսի թատերական անձնակազմը Յաղթանակի օրուան առթիւ, 9-12 Մայիս կազմակերպած շրջագայութեան ընթացքին, որուն նախաձեռնած էր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ելոյթներ ունեցած է Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերու զինուորական ծառայողներուն համար:
Կրկէսի արուեստագէտները զինուորականներուն համար նախապատրաստած եւ ցուցադրած են յատուկ բազմաոճ ծրագիր, որ նուիրուած էր Շուշիի ազատագրմանն ու Բ. Համաշխարհային պատերազմին տարուած յաղթանակին: Զինուորները շատ հաճելի եւ հետաքրքրական պահեր անցուցին։ Կը նախատեսուի, որ կրկէսը այցելէ նաեւ այլ մարզերու զօրաբաժիններ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.