Ապրիլ 25ին եւ 30ին, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանին մէջ երկրորդ տարին ըլլալով կայացաւ «Հայոց Պատմութեան Օր» մրցանքը:
6էն 12րդ կարգերէն իւրաքանչիւրը ընտրած էր Հայոց պատմութենէն կամ Հայ Դատի այժմէական հարցերէն յատուկ թեմայ մը: Աշակերտները, տարբեր խումբերով եւ համապատասխան խմբային լուրջ ուսումնասիրական աշխատանքներով, իրենց ծրագիրները ներկայացուցին մասնագէտներու կազմի մը դատին:
Աշակերտները շաբաթներ շարունակ պատրաստած էին սոյն աշխատանքը՝ կատարեալ բծախնդրութեամբ եւ ուշադրութեամբ: Անոնք նման ծաւալուն աշխատանքի մը իրագործումով՝ կարեւոր փորձառութիւններ ձեռք բերին: Ի վերջոյ, Ապրիլ 25ին, 9-11րդ կարգերը, իսկ Ապրիլ 30ին՝ 6-8րդ կարգերը, իրենց աշխատանքներով հանդէս եկան տարբեր դատակազմերու առջեւ:
Խմբակներու աշխատանքները ներկայացուեցան Power Point-ի ձեւով, ապա՝ գրաւոր ուսումնասիրական թերթիկով: Իւրաքանչիւր խմբակ իր աշխատանքը ենթաբաժանումներու բաժնած էր. իւրաքանչիւր խմբակի անդամները բանաւոր կերպով բացատրեցին իրենց աշխատանքը եւ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին կատարուած ուսումնասիրութեան մասին: Ապա անոնք պատասխանեցին դատակազմի անդամներու հարցումներուն եւ արդարացուցին իրենց կատարած աշխատանքը:
Բաւական տպաւորիչ էր աշխատանքը եւ հաճելի փորձառութիւն էր աշակերտներուն համար: Անոնք հնարաւորութիւնը ունեցան մանրամասն ուսումնասիրութիւններ կատարելու, միաժամանակ՝ բանաւոր կերպով իրենց միտքը արտայայտելու: Նաեւ, սոյն մրցանքը կարեւոր փորձառութիւն մըն էր՝ հանրային ելոյթներ ունենալու համարձակութիւն ձեռք ձգելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.