
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի ընտրական օրինագիծի քննարկման խորհրդարանական ենթայանձնախումբը Երկուշաբթի, Մայիս 20ին իր նիստը գումարեց՝ նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որ նիստին բացումը կատարեց՝ ըսելով. «Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի խորհրդարանի նստաշրջանի երկարաձգում կամ՝ անիշխանութիւն»:
Հայկական երեսփոխանական խմբակցութեան ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, իր կարգին յայտնեց, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը զօրակցի խորհրդարանի նստաշրջանի երկարաձգումին եւ կը մերժէ Տոհայի ընտրական օրէնքը:
«Մուսթաքպալ» հոսանքի անդամ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, թէ «Մուսթաքպալ»ը կը մերժէ խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանի երկարաձգումը եւ կը մերժէ 1960ի օրէնքը, սակայն աւելցուց, թէ հոսանքին թեկնածուները ներկայ ընտրական օրինագիծին հիման վրայ պիտի առաջադրեն իրենց թեկնածութիւնը:
«Ազգային պայքարի ճակատ» երեսփոխանական խմբակցութեան երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, թէ իրենք կը զօրակցին խորհրդարանի նստաշրջանի երկարաձգումին եւ 1960ի ընտրական օրէնքին:
«Հաւատարմութիւն դիմադրութեան» երեսփոխանական խմբակցութեան անդամ Ալի Ֆայատ նախընտրեց լուռ մնալ, իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան պահանջեց, որ ընտրական օրինագիծին քննարկումը խորհրդարանական այս սեղմ յանձնախումբէն փոխանցուի խորհրդարանի լիագումար նիստին: Ատուանի այս պահանջին առաջին մերժումը արձանագրուեցաւ Պըրրիէն, որ ընդգծեց, թէ ինք խորհրդարանը լիագումար նիստի մը պիտի չհրաւիրէ, եթէ ընտրական օրինագիծի մը շուրջ համախոհութիւն կարելի չըլլայ գոյացնել:
Խորհրդարանի նախագահը ենթայանձնախումբի անդամներէն խնդրեց վերադառնալ իրենց ղեկավարութիւններուն հետ խորհրդակցութեանց՝ աւելցնելով, որ անոնք տասը օր ունին յանգելու համար խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանը երկարաձգելու շուրջ համախոհութեան:
Պըրրի խորհրդարանի սեղմ յանձնախումբին յաջորդ նիստի թուական մը չճշդեց, սակայն յայտնեց, թէ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին, մինչեւ աւարտի մը հասնին:
Միւս կողմէ, հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ զինեալ բախումները Երկուշաբթի օր վերսկսան ու շարունակուեցան Երեքշաբթի օր՝ խլելով յաւելեալ զոհեր ու վիրաւորներ ու վերջին չորս օրերուն ընթացքին արձանագրուած զոհերուն թիւը հասցնելով 9ի: Բախումները զսպելու նպատակով միջամտած լիբանանեան բանակէն զինուոր մը եւս զոհերու շարքին անցաւ: Վիրաւորուած են վեց ուրիշներ, որոնցմէ մէկը ծանր վիճակի մէջ է: